Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Սրտի Երկու Խօսք Իր Մահուան Քառասունքին Առթիւ.

«Թէ Յիշատակս ալ թառամի ,
Ո՜հ այն ատեն ես կը մեռնիմ»

Բազմամեայ վաստակաւոր դաստիարակ, բազմաշնորհ արուեստագէտ, երաժիշտ, յօրինող, գրող, պարող, պարուսոյց, գծագրիչ եւ տակաւին կարելի է շարքը շարունակել բնութեան իրեն առատաձեռն շնորհած տաղանդներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրին լիարժէք դրսեւորման, հայութեան, մարդկութեան ի սպաս դնելու համար, մէկ կեանքը բաւարար պիտի չըլլար կարծես:

Եւ ան, Սեպուհ Աբգարեանը, մեր ուսուցիչը, Մեր Աբգարեանը, յաւէտ փակեց իր աչքերը, հրաժեշտ առաւ կեանքէն, անցաւ յաւիտենականութեան գիրկը, խորապէս ցնցելով եւ սուգի մատնելով հարիւրաւոր աշխարհացրիւ Մելգոնեանցիները, իր աշակերտները, իր շրջապատը...:
Ան ՝յարգուցաւ, սիրուեցաւ եւ ժողովրդականութիւն վայելեց իր աշակերտներէն, այնքան՝որքան Մելգոնեանի ո՛չ մէկ ուսուցիչ: Եւ փոխադարձ սիրով, հոգեւին, գրկեց զանոնք, անոնցմէ իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ փնտռելով եւ գնահատելով լաւն ու գեղեցիկը, դարձան մտերիմներ, հարազատ մեծ ընտանիք մը:
Ան, պաշտեց գեղեցիկը, աղուորը, բարին ու ազնիւը եւ իր շնորհներու ճամբով, դարձաւ անոնց նուիրեալ սպասարկուն եւ երկրպագուն եւ որոնցմով լիցքաւորեց իր հոգեկան աշխարհը, կեանքը,անփոխարինելի գոհունակութեամբ:
Իր հոգիի ազնուութիւնը կը ներդաշնակուէր ու կþարտացոլար իր վայելչագեղ, ազնուական արտաքին տեսքին, իր դէմքին վրայ յար ծաղկող լայն ժպիտին, իր արտայայտիչ խօսուն աչքերուն մէջ: Իր ներկայութիւնը յարգանք կ’առթէր եւ միեւնոյն ժամանակ անմիջականութիւն եւ մօտիկութիւն կը ներշնչէր: Անբասիր մաքրամաքուր, լաւատես նկարագրով. հեզահամբոյր, համեստ, խոնարհ եւ միեւնոյն ժամանակ կրակոտ եւ եռանդուն բնաւորութեամբ: Պատրաստաբան էր ու սրամիտ:
Ո՞ր Մելգոնեանցին իրաւ, կրնայ չյիշել, իր անհատնում սրամտութիւնները: Ո՞ր Մելգոնեանցին կրնայ չյիշել մակնիսացնող հաղորդականութեամբ իր պատմումները, իր զուարթախօսութիւնները: Իւրաքանչիւր Մելգոնեանցի զայն յիշեցնող դրուագ մը, դրուագներ քաղ-ցրօրէն թաքուն, կը պահէ իր մտքին ու հոգիին մէջ, որոնց մտաբերումը երանութեամբ եւ կարօրով կը վերապրեցնեն Մելգոնեանի գիշերօթիկ կեանքը, ի՜նչ փոյթ թէ յաճախ դժուար, միօրինակ եւ միապաղաղ, որուն ջերմութիւն, երանգ ու աղուորութիւն տուողը ինքը կ’ըլլար իր իւրայատուկ ժեսթեթով:
Սեպուհ Աբգարեան, որպէս ար-ւեստներու ուսուցիչ, իր աշակերտներուն արուեստներու հանդէպ սէր ներշնչողը եւ անոնց ներքին, թաքուն ձիրքերը փնտռողը, երեւան բերողը եւ յենարանը եղաւ: Երգ ու նուագ կը յորդէր մեր շէնքի ամէն անկիւններէն... Կեանքին հանդէպ ունէր իր փիլիսոփայութիւնը եւ իր կեանքը, իր ապրելակերպը դասաւորեց իր հայեցողութեամբ, հետեւելով հոգիի ձայնին եւ իր կեանքի նաւակը թիավարեց դէպի արուեստներու աշխարհը, ուր գտաւ իր ինքնութեան իմաստը եւ խաղաղը: Իր կարողութիւնները նուիրաբերեց իր աշակերտներուն, իր շրջապատին եւ իր պաշտած հայրենիքին անհուն սիրով եւ անսակարկ. իր աշխատանքին միակ հատուցումը անոր արդիւնաւորման մէջ գտաւ. Ան էր գանձը գանձերուն. զինք ուրախացնողը, իր հոգիին սնունդ տուողը, իր կեանքը աղուորցնողը. ուրիշ ոչինչ:
Դժբախտաբար, ափսո՜ս, Մելգոնեանը իր դռները զարմանալիօրէն փակեց անոր դէմ, սակայն ուրիշ մեծ, լայն դուռ մը բացուեցաւ իր առջեւ. հայրենիքը գրկաբաց ընդունեց զայն եւ հոն, իր պաշտած հայրենի լազուարթ երկնքին տակ,Արարատի, Արագածի փէշերուն, Արաքսի, Սեւանի ափերուն, Կոմիտասի, Մաշտոցի յիշատականներուն շուքին ներքեւ, Կումայրիի աւերակներուն կից, իր տաղանդը ծլարձակեց, ուռճացաւ եւ «Գոհար»երգչախումբ - նուագախումբին ղեկավարութեան բովէն լիարժէք դրսեւորուեցաւ արուեստա- գէտի իր տաղանդին մեծութիւնը որ թէեւ յամեցած՝ արդար ճանաչումը եւ ընդունելութիւնը գտաւ համահայկական տարողութեամբ:
Աբգարեան, հայ մշակոյթը պահպանող, հայ մշակոյթը ծանօթացնող ու տարածող, հայ մշակոյթ ստեղծող սպասարկուներուն երկրպագուներուն ընտրելագոյններէն մէկը եղաւ: Ան անկրկնելի երեւոյթ մըն էր հայ կեանքի անդաստանէն ներս, որպէս եզակի անձնաւորութիւն, որպէս բառին իսկական առումով մարդ, որպէս բազմատաղանդ արուեստագէտ, որպէս մնայուն արժէք:
Կեանքի ճանապարհէն ասուպի մը նման չանցաւ. անցաւ խրոխտ ու ժպտուն եւ իր իւրայատուկ դրոշմը թողելով գունագեղ տառերով գրեց իր կեանքի գեղեցիկ պատմութիւնը:
Մենք, իր աշակերտները բախտաւոր եւ հպարտ կը զգանք իրմով, որ ճանչցած ենք զայն մօտէն, որ հաճոյքն ու ուրախութիւնը ունեցած ենք վայլելու իր ներկայութիւնը: Երախտագիտութեամբ, երանութեամբ եւ անջնջելի քաղցր յիշատակներով պիտի յիշենք զայն, որպէս անմոռաց հոգեթով երգ ու նուագ, որպէս արուեստի գունագեղ անգունաթափ պատկեր:
Երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք իր անձնաւորութեան եւ արուեստի մեծութեանը առջեւ:
Թող այս սրտի երկու խօսքերը գուլայ մը խունկ, երգ մը, Տէր Ողորմիա, փունջ մը անթառամ ծաղիկ ըլլան իր շիրիմնաքարին վրայ:

Շաքէ Տէր Արթինեան -Էլմասեան