«OTTOMAN ARMENIANS - LIFE, CULTURE, SOCIETY» - VOL. 1
A HOUSHAMADYAN PUBLICATION, BERLIN - by Vahe Tachjian
Ա. մաս
Այս է տիտղոսը հատորին, որ «Յուշամատեան» հիմնարկը տարեսկիզբին ներկայացուց հանրութեան՝ իբր իր առաջին հրատարակութիւնը, նոյնանուն ցանցկայքի մեկնարկէն երեք տարի անց: Հատորը, առաջին իսկ ակնարկով արդէն՝ այնքան լրջօրէն վայելուչ, շուրջ 270 մեծաչափ (սմ. 28 x 22) էջերու վրայ կը համադրէ բազմակրթանք ուսումնասիրութիւններ եւ բազմաթեմա փաստա-լուսանկարներու պատկերաշարքեր:
Գործի հովանաւորութեան կը մասնակցին Հայկազեան համալսարանը (Լիբանան) եւ Պամպերկի համալսարանի (Գերմանիա) Թրքաբանութեան բաժանմունքը:
Հիմնարկի տնօրէն Վահէ Թաշճեանի հետ, հատորի հրատարակութեան պատասխանատւութիւնը բաժնած է Էլքը Հարթման, մինչ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան կատարած է հրատարակութեան գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ տպաւորիչ արհեստավարժութեամբ ու ճաշակով միանգամայն: Գործակիցներու խմբակ մը ստանձնած է թարգմանութիւնները, սրբագրութիւնները, էջադրումի օժանդակութիւնը եւն.: Հատորը լրիւ անգլերէնով է:
Հատորի հրատարակման, ինչպէս եւ հրապարակային ներկայացման առթիւ, եղան մամուլի անդրադարձներ, զանազան ձեւերու տակ՝ համառօտ գրախօսում, ձեռնարկի թղթակցութիւն թէ հարցազրոյց: Բայց ներկայ սիւնակի բնոյթը բաւական տարբեր է: Գրախօսականի յաւակնութենէ ու պարտականութիւններէ զերծ, հետեւաբար եւ խուսափելով մանրամասն ներկայացումէ, կամ «հանգամանաւոր» արժեւորումներէ, անիկա, կը հաւատամ՝ աւելի շահեկանօրէն, կը ձգտի յստակ տպաւորութիւններ բանաձեւել գործի կամ երեւոյթի մասին ե՛ւ առթիւ, ապա եւ ընդգծել ներկայի հետ կապեր, այժմէութի՛ւն մը: Իր մատնանշումներուն իբր պարզ հիմնաւորում գործածելով բովանդակութեան նուիրուած համառօտ անդրադարձ մը:
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ՝ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ
Հատորի նախաբանին՝ ստորագրուած Վ. Թաշճեանէ, կը հետեւին երեք պատկերաշարքեր եւ հինգ ուսումնասիրութիւններ՝ փոխնիփոխ, կուռ եւ կոկիկ դասաւորում-կառոյցով: Ուսումնասիրութիւնները, մօտեցումի այլազանութեամբ՝ ըստ կրթանքի, կրնան յաջորդաբար բնորոշուիլ իբր ազգագրա-ընկերաբանական («Ինչո՞ւ սպաննուեցաւ Փաստրմաճեան Խաչատուր էֆէնտին»՝ Եաշար Թոլկա Ճորայի գրիչէն), պատմա-քաղաքական («Բանտարկեալ համայնքներ. Օսմանեան կայսրութեան վերջին ժամանակաշրջանի պատժական Քաղաքականութիւնը»՝ Նանոր Քեպրանեանէ), մշակութա-պատմագրական («Արծուի Վասպուրական» եւ հայրենիքի գաղափարի հոլովոյթը՝ անցեալի յիշողութեան մէջէն»՝ Ծովինար Տէրտէրեանէ), եւ մշակութա-մատենագիտական («Վերստեղծում հայ գեղջկական կեանքի՝ Մանուկ Ծերոնի եւ Ալեւորի յուշամատեան-գործերը»՝ Վահէ Թաշճեանէ): Հինգերորդ նիւթը մատենագիտական սպառիչ ցուցակ մըն է յուշագիրքերու (յաճախ նախաձեռնութիւն հայրենակցական միութիւններու), Միհրան Մինասեանի հեղինակութեամբ, աշխարհագրական դասաւորումով ներկայացուած շրջան առ շրջան:
Հատորի երեք պատկերաշարքերը անջատ են ու անկախ՝ յօդուած-ուսումնասիրութիւններու առնչուող եւ անոնց բնագրին մէջ տեղադրուած պատկերազարդումէն, ըլլալով հանդերձ անոնց պէս՝ տէր հիանալիօրէն մշակուած որակի: Խմբուած երեք թեմաներու շուրջ, իրենց կարգին՝ բազմակրթանք այլազանութիւն մը ցուցաբերող, անոնք յաջորդաբար խորագրուած են Ընտանիք, Արհեստներ եւ Կրթական կեանք (դպրոցներ):
Հատորի մուտքին՝ կ՛արժէ դեռ նշել Հայկազեան համալսարանի նախագահին խօսքը, ապա՝ յիշատակումը երկոտասնեակ մը մեկենասներու, որոնց օժանդակութիւնը, միացած նիւթի հաւաքման թափին եւ հաւաքողներու խանդին, թոյլ կու տայ հիմնարկի տնօրէնին՝ յայտարարել տպաւորիչ առաջադրանքը՝ ներկայանալու նոր հատորով մը ամէն տարի: Հարցազրոյցէ մը կ՛իմանանք, որ երկրորդ եւ երրորդ հատորները արդէն պատրաստման ընթացքի մէջ են:
ԿՐԿՆԱԿ ԱՐԺԱՆԻՔ
Այս առաջադրանքը շնորհաւորելի է նախ անով՝ որ ներկայ երկը որակապէս կը տարբերի իր նմաններէն. անոնցմէ՝ որ վերջին երեսնամեակին, յատկապէս արեւմտեան ոստաններու մէջ, լոյս ընծայուած են մտաւորական-ակադեմական գործիչներու կամ հիմնարկներու նախաձեռնութեամբ, ընդմէջ ալպոմի, ուսումնասիրական մենագրութեան եւ մասնագիտական-հանրագիտական ցուցակի, երբեմն ըլլալով քիչ մը այդ բոլորը, յաճախ եւ դժուարանալով բնոյթ ընտրել այդ բոլորի մէջ ու միջեւ: Անոնք երբեմն, նոյնիսկ, լուսանկարներու պարզ տրցակներ են, պատահական խմբումներով, աւելին՝ դժբախտաբար իրենց պարփակած խմբագրումի «պատմագիտական» կցկտուր տարրերով մոլորեցուցիչ համբակութեան մը կնիքը կրող:
Նախընթաց այս բոլոր հրատարակութիւններուն մէջ, գիտական ու միանգամայն գեղարուեստական կնիքով օժտուած ուշագրաւ նմուշ մը կը հանդիսանար «Հայութիւնը՝ 1917էն 1939. Ապաստանարանի մը ի խնդիր» հատորը, որուն -ի դէպ- հեղինակային էական մասնակցութիւն կը բերէր արդէն նոյնինքն «Յուշամատեան»ի հիմնադիր-տնօրէնը: Եւ ուր արդէն կ՛երեւէին ներկայ հատորին բնորոշ գլխաւոր գիծերը:
Բայց հրատարակչական այս անվիճելի առաւելութեան վրայ, կ՛արժէ անմիջապէս աւելցնել հիմնականը՝ հատորի ընդհանուր ոճն ու բովանդակային շեշտադրումը, ինչ որ Վ. Թաշճեան արդէն կը շեշտէ իր «Նախաբան»ին մէջ: Անիկա կը պահպանէ «Յուշամատեան» ցանցկայքի սկզբունքները՝ բազմակրթանք մօտեցում, այլազանութիւն՝ ինչպիսին էր օսմանեան կայսրութեան փաստացի նկարագիրը՝ բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ. շեշտում հայալեզու սկզբնաղբիւրներու արժէքին եւ անշրջանցելի կարեւորութեան հետազօտական աշխատանքներու մէջ, կարեւորութիւն՝ որ փաստուած է ու կիրարկուած՝ հատորի ուսումնասիրութիւններուն իսկ կողմէ: Ապա՝ «օսմանեան» հայութեան անանջատելիութիւնը պետութեան ընկերա-տնտեսական ընդհանրութենէն. փաստ՝ առանց որու լուրջ նկատառումին կարելի չէ ընդհանրութեան հետազօտումը: Այս սկզբունքներու խտագոյն մէկ տարազումը արդէն կը գտնէինք ցանցկայքի Ներածութեան մէջ, որմէ հոս կողքին՝ անջատ շրջանակի մէջ՝ կ՛արտատպեմ առաջին հատուած մը:
Հրատարակութեան նպատակը, ինչպէս արդէն՝ ցանցկայքինը, կը մնայ քննարկումն ու ընկալումը «օսմանեան» հայութեան առօրեայ կեանքին՝ ամբողջական մօտեցումով մը (եւ ոչ միայն՝ «անոր մթին ու ողբերգական դրուագներուն մէջէն»): Որովհետեւ այսօր մենք կը մնանք անտեղեակ իրական այդ անցեալ կեանքին շատ երեսներէն, եւ հայկակա՛ն իսկ աղբիւրներու գիտական հետազօտութիւն մը անհրաժեշտ է՝ լուսաբանելու համար այնքան այլազան դիմագիծը «անծանօթ» այս հայութեան:
Ծածկուած, մեզի իսկ քիչ ծանօթ երէկի այս հայութեան ոգեկոչումին, ու ոգեկոչումէն աւելի՝ շօշափելի ճանաչումին համար, ինչպէս ցանցկայքը, նոյնպէս եւ հրատարակութիւնը, կը գործածեն նախ՝ տեսանելի ու տեսողական նիւթեր - լուսանկար, գծանկար, քարտէս, իբր յենակէտեր յիշողութեան փոխանցումի:
1- Անգլերէնի կողքին, հայերէնի, բայց եւ երկրո՛րդ եւրոպական լեզուի մը օժանդակ ներկայութիւններ, նոյնիսկ շատ սահմանափակ, փափաքելիէն անդին՝ կարեւոր կը թուին ինծի այսպիսի հատորի մէջ, անգլերէնի «ամբողջատիրական» նստուածքը չափաւորելու համար:
Ցանցկայքի պարագային, այդ հարցը հիմնականօրէն լուծուած է՝ հայալեզու ամբողջական տարբերակի գոյութեան շնորհիւ: Հրատարակութեան մէջ՝ խօսքը լրացուցիչ ներկայութեան մը մասին է, որուն նպատակայարմար ձեւը կրնայ սահմանուիլ խմբագրութեան կողմէ: Բայց հոս կ՛արժէր շեշտել սկզբունքը կամ մտահոգութիւնը...
2 - Ինչպէս՝ «Ազդակ»ի մէջ՝ հատորի շնորհանդէսին (15 մայիս) առթիւ, ապա՝ «Արարատ»ի եւ Պոլիսի «Ակօս»ին մէջ, երկուքն ալ՝ հարցազրոյց Վ. Թաշճեանի հետ (յաջորդաբար 27 մարտի եւ 7 մարտի թիւեր, երկրորդը՝ տուեալ թերթի թրքալեզու բաժին):
3 - «Les Armeniens 1917-1939 - La Quete d՚un Refuge» («Հայութիւնը՝ 1917էն 1939. Ապաստանարանի մը ի խնդիր»), Ռեմոն Գէորգեան, Լեւոն Նորտիկեան, Վահէ Թաշճեան, հրատ. Սէն-Ժոզէֆ համալսարանի, Պէյրութ, 2006 (ա. տիպ):
Ա. ՀԱՏՈՒԱԾ
ՊԱՏՄԱԳԻՏԱԿԱՆ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ. ՑԱՆՑԿԱՅՔԻ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ
Առաջին հերթին պատմագիտական դժուարութիւններ են, որոնք մեզի մտածել տուած են ստեղծելու այսպիսի ընդարձակ բովանդակութեամբ ու ծաւալով կայքէջ մը։ Այսպէս, օսմանագիտութեան մէջ շատ յաճախ գիտաշխատողներ դէմ յանդիման կը գտնուին աղբիւրներու օգտագործման լուրջ դժուարութիւններու առջեւ։ [...] Օսմանեան պատմութեան վերաբերող նիւթերը բազմալեզու են ու անոնց ուսումնասիրութիւնը կը պահանջէ բազմակրթանք աշխատանք։ Իսկ [...] երբ կ՝անտեսուին այս կամ այն ժողովուրդին օգտագործած լեզուն եւ այս ճամբով նաեւ երբեմն շատ հարուստ աղբիւրագիտութիւն մը, այն ատեն տուեալ ուսումնասիրութիւնը [...] պակասաւոր կ՝ըլլայ...
Այս իմաստով հայկական աղբիւրագիտութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր օսմանագիտութեան պակասաւոր օղակը հանդիսացած է։ [...] գիտական բնոյթի բազմաթիւ գիրքեր ու յօդուածներ ուղղակի օսմանեան հայերուն կը վերաբերին, բայց եւ այնպէս անոնք մեծաւ մասամբ հիմնուած են օսմաներէն-թրքերէնով գրուած նիւթերու վրայ։ Այս բնոյթի աշխատանքներ այնքան յաճախակի են, որ ժամանակի ընթացքին օսմանագիտութեան մէջ հայկական աղբիւրներուն անտեսումը սովորական եւ մինչեւ իսկ «ընդունելի» երեւոյթի մը վերածած են։ [...] Բան մը որ պակասաւոր է եւ՝ ըստ ամենայնի անհանդուրժելի։
Արդարեւ կը պակսի հայ տարրին հայեացքը իր իսկ հարցերուն վրայ, իր իսկ առօրեայ կեանքին վրայ։ Այս առումով հայատառ նիւթերը բազմազան են ու մեծապէս հարուստ։ Անոնք մեզ կ՝առաջնորդեն օսմանեան նոր աշխարհ մը, որուն զանազան երեսներուն հետքն անգամ անգտանելի է ոչ-հայատառ աղբիւրներու մէջ։ [...] Մեր նպատակն է նոր արժէք մը տալ օսմանեան հայերուն վերաբերող հայատառ նիւթերուն ու զանոնք մատչելի դարձնել ոչ-հայախօս հասարակութեան։ Այս բոլորը կը կարծենք որ բնական անհրաժեշտութիւն մըն է օսմանագիտութեան համար։
Յուշամատեան ցանցկայք
Յարութիւն Քիւրքճեան
(Բ. մասը լոյս պիտի տեսնէ յաջորդիւ)