Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Վերջերս, մամուլի եւ կենցաղային խօսակցութիւններու նիւթ կը դառնայ արտաքին գործոց նախարարի՝ Է. Նալպանդեանի ձեռամբ Էրտողանին յանձնուած Հ.Հ.ի նախագահին նամակը, որով Երեւանի մէջ կայանալիք ցեղասպանութեան 100ամեայ տարեդարձի միջոցառումներուն կը հրաւիրուէր Թուրքիոյ նախագահը:

Մինչեւ հիմա անորոշ կը մնայ Հայաստանը պատանդի վիճակին մատնելու ձգտումին մէջ անզիջող թուրք ղեկավարին՝ Էրտողանին հրաւէր ուղղելու Հ.Հ.ի նախագահին նախաձեռնութեան նպատակը, հետապնդումը, միտք բանին:
Ոմանք կ'ենթադրեն, թէ «երրորդ» կողմ(եր)ի միջնորդութիւն կայ եւ երկու նախագահներէն առնուած հաւաստիք, որ հայկական կողմը հրաւէր ուղարկէ, որպէսզի միւսը ընդառաջէ: Ուրիշներ, գաղջ ու չէզոք դիրքով կամ հռետորական ոճով.  անհամաձայնութիւն կը յայտնեն առնուած քայլին դէմ, առանց յստակացնելու սակայն իրենց ընդդիմութեան հիմնաւորումը:
Կան նաեւ մտածողներ, որոնք Սերժ Սարգսեանի առած այս քայլը կը նկատեն  շարունակութիւնը քանի մը տարի առաջ ձեռնարկուած ֆութպոլային դիւանագիտութեան: Անոնց գնա- հատումով, անցնող Ապրիլ 24-ին ջարդուողներու թոռներուն իր յայտնած «ցաւակցութիւն»ով  Էրտողան շահած էր միջազգային քաղաքական շրջանակներու եւ հանրութեան համակրանքը իբրեւ ղեկավար մը, որ ունի «բարի կամքը» հայ-թուրք կնճիռը հարթելու համար: Անոնք կը գնահատեն, որ Հ.Հ«ի նախագահին հրաւէրը հակառակորդի բերդին արձակուած բենալթիի ուժգին հարուած մըն է, որ շուարումի պիտի մատնէ բերդապահը եւ ապահով կոլ պիտի արձանագրէ ի նպաստ հայկական կողմին: Այսինքն, Էրտողան պիտի  անճրկի: Եթէ հրաւէրը ընդունի, ճանչցած պիտի ըլլայ ցեղասպանութիւնը, իսկ եթէ մերժէ, իր մերժումով պիտի բացայայտուի «ցաւակցութեան» կեղծիք ըլլալը, որով եւ  խայտառակուելով պիտի կորսնցնէ շահած համակրանքը ... եւայլն,եւայլն:
(Յամենայնդէպս, ըստ  դատումիս, ցարդ ինծի ծանօթ կատարուած վերլուծումներէն ամէնէն ուշագրաւը՝ լուրջ ու իմնաւորուած եւ համոզիչ  մտահոգութիւնները յայտնած է Նազարէթ Պէրպէրեան: Կ'արժէ կարդալ իր՝ «Էրտողան հայը եւ...Էրտողան թուրքը» խորագրով յօդուածը, «Ազատ Օր»ի 10 Սեպտ. 2014ի թիւին մէջ):
Յայտնօրէն, Էրտողանի «ցաւակցութիւն»ն է, որ Հ.Հ.ի նախագահին քաղաքական ախորժակը բացած է Թուրքիոյ նախագահին այդ հրաւէրը ուղղելու, յուսալով որ  ի յարգանս մեր նահատակներուն ան կը մասնակցի 100-ամեակի միջոցառումներուն, իսկ մերժումի պարագային, զայն խաղի բերած, անճրկումի մատնած ու խայտառակած կ՛ըլլայ...:
Ինչ կը վերաբերի այդ «ցաւակցութեան», ընդունինք անոր դրական երեսը այն իմաստով, որ առաջին անգամն ըլլալով մեծ ժողովրդականութիւն վայելող հեղինակաւոր թուրք ղեկավար մը ի լուր աշխարհին կը յայտարարէր, թէ ինք կը հասկնայ ցաւն ու հոգեվիճակը հայ ժողովուրդին եւ կը համարձակէր պահանջելու իր հանրութենէն, որ նոյն հասկացողութիւնը ունենայ...:
Բացառուած չէ սակայն, որ այդ յայտարարութեամբ հնարամիտ Էրտողան մեծ համեմատութեամբ միջազգային կարծիքը շահելէ ետք, իր ծուղակ-խաղին զոհ դարձնէ Հայաստանի նախագահը:
Ինչպէ՞ս:
Կասկած չկայ, թէ երկու հակառակորդ կողմերու միջեւ հաւանական որեւէ երկխօսութիւն արդիւնաւորուելու եւ կառուցողական ըլլալու համար առաջին ու գլխաւոր նախապայմանը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ երկուստեք, խօսակցող հակառակորդ կողմերը ճանչնան իրարու հոգեվիճակը: Այլապէս, աւելորդ ժամավաճառութիւն է համաձայնելու ամէն փորձ:
Արդ, որեւէ տեղ, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին կամ այլուր, կրնայ պատահիլ, որ Էրտողան կրկնէ իր յայտարարութիւնը, թէ ինք կը զգայ ցաւը, կը հասկնայ հոգեվիճակը հայ ժողովուրդին եւ փոխադարձաբար կ'ակնկալէ, որ հայութիւնն ալ հասկնայ հոգեվիճակը թուրք ազգին, որուն յիշողութեանը մէջ «ցեղասպանութիւն» չկայ: Կը հետեւի ուրեմն, որ անհրաժեշտ կը դառնայ փոխադարձ ճանաչողութեամբ ու շինիչ ոգիով խօսակցութեան ձեռնարկել, որպէսզի լուծումի մը ճամբան հարթուի  հայ-թուրք կնճռին: Սա արդէն նոր տարբերակն է ցեղասպանութեան խնդիրը պատմաբաններու սեղանին դնելու թրքական հին հետապնդումին:
«Բարի կամք»ով  իր ձեռքը երկարող թուրք ղեկավարը յառաջագունէ յաղթականն է արդէն յաչս աշխարհին, յատկապէս երբ այդ կամքը կը դրսեւորուի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, հայ աւագանիի ու ժողովուրդի ներկայութեան: Իսկ երկարած այդ ձեռքին դիմաց անճրկողը անփառունակ պարտեալը կը դառնայ: Մտածուա՞ծ է արդեօք նման հաւանականութեան մասին:
Յամենայնդէպս, քաղաքական տարբեր տեսակի  ճաշակ մը կայ թերեւս, որ  կը  թելադրէ քու երկիրդ պատանդող, քայքայումդ ցանկացող թշնամիդ հրաւիրելու, որպէսզի ցաւիդ ցաւակից դառնայ եւ վերականգնումի հպարտութիւնդ ողջունէ: Թերեւս...: 

Միհրան Քիւրտօղլեան