Պետութեան մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան համար զինուորագրուիլը ամենավսեմ պարտականութիւնն է: Առանց զինուորի, հայրենիք, հող, սահման չեն պաշտպանուիր:
Հինէն ի վեր, հայ զինուորին, հայ ֆետայիին նուիրուած բազմաթիւ հերոսական, գովաբանական երգեր, քերթուածներ գրուած ու ժողովուրդին մէջ տարածուած են, երգուած ու արտասանուած: Ուշիի, իմ եւ Էլիզին յատուկ աշակերտներէն երկու երիտասարդներ այժմ զինուորագրուած են ու դիրքերու վրայ են Ղարաբաղին մէջ: Կապեր ունինք իրենց հետը: Մեզի պէս, անոնք ալ հպարտ են: Սրտանց կը մաղթենք, որ մեր բոլոր զինուորները անխտիր, խաղաղ պայմաններու տակ ծառայեն հայրենիքին ու հերոսի ոգիով պաշտպանեն մեր դարաւոր սահմանները:
Հայ զինուորին
Արմանին ու Գեղամին
Զէնքը ձեռքին կը հսկէք
սահմանները մեր երկրին,
որ նենգ կերպով չխուժէ
վատահամբաւ թշնամին:
Հայրենիքի պատմութեան
կը ծառայէք օր ու գիշեր,
ձեր կեցուածքով առնական
մեզ կեանք կու տաք անվեհեր:
Երբ դուք հոն էք սահմանին
ամուր կառչած մայր հողին,
խաղաղ կ՛ապրի Հայաստան
ու փառք կու տայ ձեր անուան:
Մեր հայկազեան վառ ոգին
կ՛առաջնորդէ անվերջ ձեզ,
հողերը մեր պահեցէք
չնահանջէք դուք երբեք:
Երախտապարտ ենք ձեզի,
ձեր բազուկին, ձեր զէնքին,
որքան մնաք մեզ պաշտպան
հայը կ՛ապրի յաւիտեան:
Մարգար Շարապխանեան
Ուշի