(Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետութեան այցելութեան առթիւ)
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական վերջին այցելութենէն Յունաստան, արդէն անցած է շուրջ չորս տարի: Այսպէս, մեծ ուրախութեամբ եւ ակնածանքով կ'ակընկալուի Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը, որ ոգեւորիչ եւ վերակենսաւորող իր շունչը պիտի փոխանցէ բոլորիս:
Յունահայոց համար Սեպտեմբեր ամիսը պիտի ըլլայ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային եռուն ու աշխոյժ կեանքի ամիս: Հոգեւոր կեանքի վերանորոգում, մեր ժողովուրդի եւ մանաւանդ մեր երիտասարդութեան վերակենսաւորում, հայ դպրոցին ու հայաբոյր դաստիարակութեան վերածաղկում, ազգային մեր պահանջատիրութեան հետապնդման աշխատանքի աշխուժացում:
Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային-յարաբերական կարեւոր հանդիպումներ պիտի ունենայ հելլէն պետութեան կառավարական անձնաւորութիւններու հետ: Վեհափառի այցելութիւնը՝ որպէս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդ եւ միջազգային համբաւ վայելող բարձր հոգեւորական, ազդեցիկ իր ներկայութեամբ՝ նոր շունչ ու նախանձախնդրութիւն պիտի շնորհէ մեր դիմագրաւած համազգային թէ գաղութային մարտահրաւէրներուն:
Անշուշտ, իր ունեցած բոլոր հանդիպումներուն շրջագիծէն ներս առաւել եւս պիտի իմաստաւորուին հայ-յունական բարեկամական ու մշտապէս փոխ վստահութեան հէնքի վրայ շարունակուող կապերը, մանաւանդ Թրակիոյ զգայուն եւ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող շըրջանէն ներս նախատեսուած Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւններով:
Կարեւոր է շեշտել նաեւ Վեհափառ Հայրապետի նախանձախնդիր ու պահանջատիրական ոգին, որ բազմաթիւ անգամներ ցոյց տրուած է, համազգային-համահայկական նշանակութեան հարցերուն ուղղութեամբ, մանաւանդ ի տես Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, հայոց արդար պահանջքներու եւ հայութեան առջեւ ցցուող մարտահրաւէրներուն ընդառաջ:
Համազգային եւ գաղութային մեր հարցերու վերարժեւորման եւ վերականգնման լաւագոյն առիթն է Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը, որու ներկայութիւնը մեր գաղութէն ներս ջերմապէս կ'ողջունենք: