Ամէն առաւօտ կանուխ կ'արթննամ։ Ամէն առաւօտ ինքնաբերաբար նոյն ժամուն կ'արթննամ, հակառակ որ զարթուցիչ ժամացոյց մը ունիմ քովս։ Բայց անցեալ օր այնքան խորունկ քնացեր եմ, որ չկրցայ արթննալ։ Զարթուցիչ ժամացոյցին կողմէ «արթնցուեցայ» բռնի ուժով։
Հիմա գիտեմ որ ընթերցողներէս շատեր իրենց աչքերը խոշոր պիտի բանան եւ պիտի գայթակղին վերի նախադասութեան մէջ գործածուած «Արթնցուեցայ» բառին համար։ Հաւանաբար կարգ մը ընթերցողներ ալ պիտի հասկնան որ ես դիտմամբ գործածեցի այս բարբարոս «Արթնցուեցայ» բառը, որպէսզի բաներ մը ըսեմ անոր մասին։
Երկրորդներուն ենթադրութիւնը ճիշդ է։ Նպատակս է հարց տալ թէ ոեւէ մէկը, եթէ հայերէն կը խօսի, իրաւունք ունի՞ «Արթնցուեցայ» բառը գործածելու։ Գիտեմ որ չունի, բայց կը հարցնեմ ահաւասիկ։ Մենք անշուշտ ունինք «Արթննալ» բառը։ Ունինք նաեւ «Արթնցնել» բառը։ Կրնա՞նք արդեօք ըսել որ ունինք նաեւ «Արթնցուիլ» բառ մը։
Եկէք այս կնճռոտ հարցումին հեղինակաւոր պատասխանը թողունք լեզուաբաններուն կամ քերականագէտներուն, իսկ մենք այն կարծիքը յայտնենք թէ այսպիսի բառ մը գործածելու իրաւունք չունինք։ «Զարթուցիչ ժամացոյցին կողմէ արթնցուեցայ» բարբարոս նախադասութեան մեզի համար ճիշդ ձեւն է «Զարթուցիչ ժամացոյցը զիս արթնցուց»ը։
Իրականութեան մէջ իմ խնդիրը «Արթնցուիլ» բառին հետ չէ, այլ է «Արթնցնել» բային հետ։ Գիտենք որ «Արթննալ» բային ներգործական ձեւն է «Արթնցնել»։ Մալխասեան բառարանը այս բայը չունի, ատոր տեղ ունի «Արթնացնել» բայը որ Արեւելահայերէն է։ Բայց մեր բառարաններուն մէջ կը տեսնենք որ գոյութեան իրաւունք ունեցած է «Արթնցնել» բառը։
Ինչո՞ւ կանգ կþառնեմ այսքան պարզ կամ սովորական նիւթի մը վրայ։ Կանգ կþառնեմ որպէսզի «յիշեցնեմ» որ մեր հրաշալի Այբուբենին «Ց» տառը կը կատարէ հրաշալի դեր մը բայերը անցողական ձեւի փոխելու մէջ։ Բայերու «անցողական ձեւ»ը կþիրականանայ այն ատեն երբ մենք գործողութիւն մը ուրիշին ընել կուտանք։ Վերը գործածեցի արդէն «Յիշեցուցի» բառը։ Հոս ես չեմ որ կը յիշեմ, այլ ուրիշն է որ կը հրաւիրեմ յիշելու։ Յիշելու գործողութիւն կը պարտադրեմ ուրիշին։ Ասիկա «Յիշել» բային անցողական ձեւն է։ Այսպէս որքան շատ բայց ունինք մեր լեզուին մէջ։ Համրենք քանի մը հատ առանց ձանձրանալու։
Լալ-լացնել։ Խնդալ-խնդացնել։ Քալել-քալեցնել։ Խենդենալ-խենդեցնել։ Տաքնալ-տաքցնել։ Պաղիլ-պաղեցնել։ Սթափիլ-սթափեցնել։ Հագուիլ-հագուեցնել կամ հագցնել։ Մեռնիլ-մեռցնել։ Ապրիլ-ապրեցնել։ Քնանալ-քնացնել։ Ամուսնանալ-ամուսնացնել։ Երջանկանալ-երջանկացնել։ Կարդալ-կարդացնել։ Զուարճանալ-զուարճացնել։ Նստիլ-նստեցնել։
Փոքրիկ զարտուղութիւն մը կը ներկայացնէ «Ուտել» բառը որ կը դառնայ «Կերցնել»։
Վերեւ յիշուած բոլոր բայերը ունին հասարակաց կէտ մը։ Անոնց անցողական ձեւին մէջ անպայման կայ «ց» գիրը։ Ահա թէ ինչու կþըսեմ որ այս նիւթի մէջ հրաշալի դերակատարութիւն ունի «Ց» գիրը։ Ով գիտէ մեր լեզուին մէջ որքան շատ են այն բայերը որոնք այս «ց» տառին շնորհիւ դարձած են անցողական։
Ասիկա արգելք չէ անշուշտ որ հաստատենք թէ «ց» գիրը երբեմն ձախողած ալ է, չէ կրցած անցողականի փոխել կարգ մը բայերը։ Օրինակ՝ Արտասանել բայը։ «Արտասանացնել» չենք ըսեր։ Կ'ըսենք «Արտասանել տալ»։ Օրինակ՝ Գրել բայը։ «Գրեցնել» չենք ըսեր։ Կ'ըսենք «Գրել տալ»։ Օրինակ՝ Ղրկել բայը։ Ղրկեցնել չենք ըսեր, կ'ըսենք «Ղրկել տալ»։ Եթէ փնտռել սկսինք, օրինակները կրնանք դիւրութեամբ բազմացնել։ Եւ «Ց» գիրին նման «Տալ» բայն ալ բաւական կարեւոր դեր կը կատարէ մեր գործողութիւնները անցողական ձեւի փոխելու մէջ։
Եթէ հայերէն լեզուի ուսուցիչ ըլլայի ու անցողական բառեր կազմելու խնդրին մէջ «Ց» գիրին խաղացած դերին մասին խօսէի աշակերտներուս, միջոց մը պիտի հարցնէի.
- Տղաք, «Ց» գիրը ուրիշ պարտականութիւն մըն ալ կը կատարէ։ Ո՞րն է այդ։
Չեմ գիտեր աշակերտներէս քանին մատ պիտի բարձրացնէր, բայց գոնէ մէկը անպայման պիտի պատասխանէր.
- Պարոն, ես գիտեմ։ «Ց» գիրը կը նշանակէ նաեւ «Մինչեւ»։
- Ապրիս։ Օրինակ մը կրնա՞ս տալ։
- Հարկաւ։ Մահ-ցմահ։ Ասիկա մինչեւ մահ կը նշանակէ։ Արդ-Ցարդ։ Ասիկա մինչեւ հիմա կը նշանակէ։ Տեսութիւն-Ցտեսութիւն։ Այգ-Ցայգ։ Ասիկա ալ մինչեւ այգ, այսինքն մինչեւ լուսածագ կը նշանակէ։ Մրուր-Ցմրուր։ Որքան շատ կը գործածենք այս ասութիւնը որ կը նշանակէ մինչեւ մրուրը խմել։ Նոր-Ցնոր, այսինքն մինչեւ նորը։ Ես տեղ մը կարդացած եմ որ կայ նաեւ «Ցյագ» բառը։ Պարոն, դուք գիտէ՞ք թէ ինչ կը նշանակէ «Ցյագ»։
- Գիտեմ, բայց դուն ըսէ տեսնեմ։
- «Ցյագ» կը նշանակէ մինչեւ յագենալը, մինչեւ կշտանալը։
Ականջներուս դժուար հաւատալով պիտի ըսէի աշակերտիս.
- Ապրիս։ Լաւ թիւ մը պիտի տամ քեզի, շատ փայլուն թիւ մը, այնքան փայլուն որ դուն «Ցկեանս» պիտի չմոռնաս։
Եւ երբ դասաժամը աւարտին բերող զանգը հնչէ, աշակերտներուս պիտի ըսեմ այն ինչ որ մինչեւ հիմա բնաւ չեմ ըսած իրենց, քանի որ ռամիկ խօսելակերպ է այդ։ Բայց այս անգամ պիտի արժէ որ ըսեմ.
«Ցը»։
Այսինքն «Ցտեսութիւն»։ Մինչեւ յաջորդ տեսութիւն։
Ռ.Հ.