Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Թաղերու, կամ թաղամասերու մէջ մշակոյթ ընելը՝ գործունէութիւն յայտնաբերելու արտայայտութեան նորարական ձեւ մըն է, որ վերջերս կը փորձուի Յունաստանի, ի մասնաւորի Աթէնքի թաղաբաժանմունքերու մէջ, գեղարուեստասէր ու պատմութիւն պրպտող տարբեր ոճի ու բնոյթի որոնող խմբակներու կողմէ։

Սոյն գործունէութիւնը իւրայատուկ մասնագիտական հիմունքով կը դրսեւորուի մեծ թէ փոքր ճամբաներու, կլոր թէ քառակուսի հրապարակներու, ճեմապարտէզներու թէ պուրակներու մէջ, անոնց շուրջը թէ անոնց կողքին քալելով, եւ ընդհանրապէս նախատեսուած ու կանխածրագրուած, բայց նաեւ չնախատեսուած՝ -պահու, ժամու անակնկալներով, վայրկեանը վայրկեանին թերթատուող յայտագրի - յայտագիրներու իրականացումով։

Տեսակ մը փառատօն, կամ՝ ինչո՛ւ չէ, փառատօնի համ, հոտ ու գոյն տուող, սկիզբ ու վերջ ունեցող, սկիզբ ու վերջ չունեցող, բայց վստահաբար շարունակութիւն ու յաջորդականութիւն ձեւաւորող՝ -պատմական, քաղաքակրթական, թատերական, պարային, առաւել՝ տեղացի ու քաղաքացի անցորդներուն հետ կենդանի, ինքնաբուխ զրոյց - հարցազրոյց, պատում - յուշապատում, վկայութիւն ու վկայակոչում, ուրախութեան հետ յուզում, ապրում, վերապրում ստեղծող ու ստեղծագործող, հին աշխարհէ մը դէպի նոր աշխարհ եկող պատմագրական տողանցքով մը:։ Այսինքն՝ անցեալէն ներկային եւ ներկայէ մը՝ որ նպատակասլացօրէն կը նայի դէպի ապագայ, իր շալակին բեռցուած տոպրակին մէջ հին ու անցեալի յուշեր ամբարած տողանցքով մը։

Ի՜նչ լաւ է յիշել հինն ու անցեալը։ Ի՜նչ լաւ է ապրում ու յիշատակ վերակենդանացնելը։ Ի՜նչ լաւ է մանաւանդ յիշատակը պատմութեան վերափոխել եւ այդ վեափոխումը արժեւորել հինի դիտարկումով, նոր բան մը ստեղծելու ներշնչումով՝ նայիլ գալիքին եւ բան ակնկալել գալիքէն։

Տուրղութիի մէջ հայ գաղթականութիւնը անբարենպաստ պայմաններու մէջ եկաւ ու հաստատուեցաւ 1922-ին։ Պատմութիւնները շատ են. հոն ապրողները լաւ եւ գէշ բաներ ունին պատմելիք, յիշելիք, արձանագրելիք։ Ճերմակի վրայ սեւ մելանով. ո՛չ մատիտով, որպէսզի այդ պատմութիւնները ջնջել ուզող ոեւէ նախապաշարուած անձ, ռետինով չսրբէ ու չ՛անհետացնէ գծաւոր թուղթի վրայ հետք ձգած տողերը։

1922-էն 1963՝ գաղթական հայերը 40 տարիներ թիթեղածածկ տնակներու վրայ ամբողջ աշխարհ մը ապրեցան, ամբողջ կեանք մը։ Երկրորդ թուականէն յետոյ՝ կառավարական բարեխնամ ծրագրով հայութեան ոգիով յորդող հայկական թաղամասերը անակնկալօրէն «ապակեդրոնացան» ու անոր պարտադրած կանոններուն հիմամբ ցիր ու ցան եղան Աթէնքի մօտակայ արուարձանները՝ Գարէա, Փանիոնիօ, Թաւրօ, Այ Եաննի Ռենտի, եւ այլուր։

Թիթեղաշէն թաղամասերը արդիականութեան սիրոյն ճարտարապետական ու ճարտարարուեստական նոր դիմագիծ ստացան։ Ժանգոտած տանիքները փոխարինուեցան կարմրագոյն կղմինտրապատ թէ պեթոնապատ գորշ ցուիքներով, ապա քիչ մը աւելի շնորհքով՝ միայարկ թէ երկյարկանի պարտէզազարդ տնակներով լրացուած, ապա՝ մեր ժամանակներու ներշնչումով զարգացող երկնասլաց բազմայարկ շէնքերու կառուցապատումով։

Ահա՛, այդ քաղաքակրթութեան առաջին զոհերէն եղաւ Ֆիքսի անցեալի Ս. Կարապետ թիթեղա-աղիւսաշէն «առժամեայ» եկեղեցին, որ, 1924-էն գործեց ե՛ւ իբրեւ դպրոց, ե՛ւ իբրեւ եկեղեցի, ե՛ւ իբրեւ կիրակնօրեայ վարժարան, մինչեւ իր վերջին պատարագը 29 Յունիս 1969 թուական։

Եկեղեցին շնչեց մինչեւ 1973, երբ հիմնայատակ փլաւ ու անոր փոխարէն, միեւնոյն վայրին մէջ կառուցուեցաւ թաղի ժամանակակից պայմանները լրացնող բարձրայարկ շէնք մը։

Նոր երեւոյթ չէ. այդպէս կ'ըլլայ ընդհանրապէս, երբ պատմութիւնն ու աւանդութիւնը կը պարտուին ժամանակակից յառաջդիմութեան դիմաց, ամէն ինչ հորիզոնական դարձնելով կեանքի անխնայ գլանին տակ։

«Dourgouti Island Hotel»ի նախաձեռնութիւնը (ծրագիրը կը պատկերացուի նաեւ սահմանագծուած քարտիսագրութեամբ մը), կը պատկանի պատմական, եւ ո՛չ սոսկ աշխարհագրական իմաստով քանի մը տասնեակներէ ի վեր Նէոս Գոզմոս անուանակոչուած ընդարձակածաւալ թաղաբաժանմունքի մը երկայնքին գործող մօտ 20 տարբեր կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու, միութիւններու եւ կառոյցներու աշխուժութիւններու ընդմէջէն, որոնք՝ որքան անցեալին, նոյնքան մըն ալ ներկայիս, նոյն կամ տարբեր, տարբեր թէ տարբերակուած, վերակառուցուած ու վերանորոգուած վայրերու մէջ իրենք իրենց պարտադրած թէ պարտադրող ընդհանուր ամբողջութեան մը միաւորուած շղթային մէկ օղակը կը կազմեն, «Όχι Παίζουμε» դիմատետրային ծրագրի մը հիմամբ։

 Նախակրթարաններ, միջնակարգեր թէ երկրորդական վարժարաններ, բժշկական կեդրոններ, մարզական հաստատութիւններ եւ սկաուտութիւն, գեղարուստական (մշակութային, քաղաքակրթական, թատերական, երաժշտական, գրադարաններ, պատկերասրահ, ցուցահանդէս, երաժշտանոցներ, եւայլն)։ Նաեւ օգտագործում՝ «Ազատ Օր»ի, «Արմենիքա»ի արխիւներու, որոնք իրենք էջերէն կը ցոլացնեն Ֆիքսի ատենի գաղթակայանի ուրախ թէ տխուր կեանքի զանազան ու զանազանուող հանգրուանները։

 Ի՞նչ է Տուրղութին. ուրկէ՞ կուգայ այս անունը

 Տուրղութի անունը կուգայ Յունաստանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան հինգ հարիւր տարուան տիրակալութեան շրջանէն։ Աշխարհագրական այս վայրին տէրն ու տիրականն էր Տուրղութ, կամ Տէրղութ փաշա անունով օսմանցի պաշտօնակատար մը, որ շրջանի տիղմապատ ու Ճահճախուտ տարածքները կ'օգտագործէր խոզառածութեան ու խոզապահպանման շահարկուող նպատակով։ Ատկէ նաեւ՝ «Տոնուզ տամը» թրքական անուանումը։

1821-ի Յունաստանի յեղափոխութենէն ետք, օսմանեան տիրապետութիւնը վերջ գտաւ երկրին մէջ։ Պատմական իրերայաջորդ ողբերագական յաջորդականութեամբ (1915-ին Հայոց Ցեղասպանութիւն, 1918-ին Պոնտական Ցեղասպանութիւն, 1922-ին Փոքր Ասիոյ Աղէտ), որու հետեւանքով մէկ միլիոն տարագիր յոյներու հետ, մազապուրծ փրկուած 100.000-է աւելի հայեր Յունաստան կ'ապաստանին, որոնց մեծ մասը կեանքի գոյութեան բնազդէն տարուած՝ կայք կը հաստատեն Տուրղութիի մէջ, ծանր պայմաններու մէջ հիմնելով առժամեայ գաղթավայր մը, որ առժամեայ մնաց նաեւ մինչեւ իր պատմական շրջագծի աւարտը։ Ոմանք այս «առժամեա»ութիւնը կը կապեն հայրենադարձի տեսլականային մեծ երազով, որ մասամբ միայն իրագործուեցաւ, ոմանց համար։

Պատմութիւնը այսպէս կը ձեւաւորուի.- 1947-1948 ներգաղթ դէպի հայրենիք. յաջորդաբար՝ մասնակի «արտագաղթ» դէպի Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին, Ուրուկուէյ, Պրազիլ)։ Աւելի վերջ ալ՝ 1958-ին գաղթ դէպի Գանատա, ուր եգիպտահայերու հետ սկզբնական հիմը կը դրուէր սփիւռքեան այս կարեւոր գաղութին։

1963-էն ետք, Տուրղութիի գաղթակայանի մեծամասնութեան պարպում։ Գաղթակայանի դիմագիծը իսկոյն կը փոխուի։ Շրջանէն ներս հայութիւնը մէկ անգամէն նախամեծար ըլլալէ կը դադրի։ Շրջանն ու բնակչութիւնը մասնակի թէ ընդհանուր նորանոր վերիվայրումներ կը ճանչնայ. պատմական, աշխարհագրական, բնակչագրային, ընկերային, այլեւ քաղաքական ու տնտեսական։

Շրջանէն ներս, իբրեւ Աթենահայութիւն ամէնէն հայահոծ շրջաններէն մէկը կ՛ապրի ու կը գործէ՝ յունահայութեան յետ-եղեռնեան երրորդ եւ չորրորդ սերունդի կազմակերպ-անկազմակերպ հաւաքականութեան մը ընդմէջէն, որուն վրայ՝ վերջին 20 տարիներուն կուգայ աւելնալու Հայաստանէն, Արցախէն, Ատրպէյճանէն ու Վրաստանէն՝ այս անգամ, այսպէս կոչուող՝ «տնտեսական գաղթականներ»ու տարտղնուած ու գաղութային կազմակերպ կեանքին մասամբ միայն համարկուող նոր բազմութիւն մը։

Անակնկալնե՜ր, անակնկալնե՜ր։ Պատմակա՛ն անակնկալներ։

Բայց վերադառնանք մեր բուն նիւթի սկզբնակէտին։

 Հին Տուրղութին այսօրուան աչքերով

 Հին Տուրղութի թաղամասը վերապրեցնելու երազանքով, աշխատանքային կազմակերպիչ մասնագիտական - համադրող խումբը կը բաղկանայ՝ բեմադրիչ, դերասան, ճարտարապետ, ընկերաբան, դաստիարակ, արուեստագէտ, Փանտիօ քաղաքական գիտութեանց համալսարանի 4 դասախօսներ, «Խարոքոփիօ» համալսարանի քարտիսագրութեան բաժնեհատուածի փորձագէտներ , գրադարանապետներ, եւայլն։

 Հայկական ներկայութիւն

Հայկական ներկայութիւնը, հետաքրքրութիւնն ու մասնակցութիւնը այս կառոյցին մէջ կը յատկանշուի՝ Յունաստանի Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան պատմական-մշակութային բովանդակութեան ներդրումով ու պարախումբով։ Նէոս Գոզմոսի հայկական վարժարաններով ու եկեղեցիով, «Ազատ Օր»ով, «Արմենիքա» պարբերաթերթով, «Արամ Մանուկեան» կոմիտէով, Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանով, «Նոր Ծիածան» թատերախումբով ու իր բեմադրիչ Ալեքսի Սայեանի բեմադրական բաժիններու ստանձնումով, նաեւ հայկական աւանդութիւններու պատումով ու ներկայացումով փոքրերու եւ այլ տարիքի մարդոց համար, եւ անշուշտ Հայ Դատի Յանձնախումբով։

 Այլ ծրագիրներ

Պատկերացուցադրական ու ցուցահանդէսային բաժիններուն մէջ պիտի օգտագործուին 3 հրապարակներ։ Կեդրոնական վաճառատուներու ցուցափեղկերու մէջ պիտի ներկայացուին աշակերտական գծագրութիւններ, ձեռային աշխատանքներ, նկարահանումներ, կերպարուեստ, հիւսուածակագործութիւն, կաւագործութիւն: Առաւել՝ Լէոֆորօ Սինկրուի վրայ գործած կրկէսները՝ տարբեր խումբերու վերակենդանացումով: Ու դեռ՝գերմանական-նացիական գրաւման (պլոքօ) եւ ոճրային գնդակահարութիւններու թատերականացուած ներկայացում: Յաւելեալ՝ յոյն անուանի բեմադրիչ Նիքօ Քունտուրոյի «Կախարդական քաղաք» ժապաւէնի ցուցադրութիւն, եւ զանազան հարուստ ու երփներանգ այլ ծրագիրներ։

Ուսումնասիրութիւն եւ հետազօտութիւն

Թաղամասերու վերայայտնաբերումի հիմնական փիլիսոփայութեամբ ճամբայ ելած այս «ֆեսթիվալը» պիտի ունենայ նաեւ իր ուսումնասիրական եւ հետազօտական մասը, գիտական մակարդակի հիմունքով։ Պիտի հետազօտուի թաղի ու իր բնակչութեան անցեալի դերը, ներկան ու ապագան, պատմական խորքով, այլ նաեւ՝ ժամանակակից իր առօրեայ դիմագիծով։

«Խարոքոփիօ» համալսարանի բնապահպանական ու աշխարհագրագիտութեան համակարգչային բաժանմունքի օգնութեամբ՝ պիտի գծագրուի ու քարտիսագրուի հին Տուրղութին իր թաղերու, փողոցներու եւ հրապարակներու անցեալի անուանումներով ու գլխաւոր վայրերու տեղաբաշխումով։

Այս բոլորը տեղի պիտի ունենան ու ներկայացուին թաղամասի երկայնքին ազատ պտոյտներով։ Ժամանակի մը մէջ որ թաղամասը մեզի բան մը ունի ըսելիք, պատմելիք, պատգամելիք։

Ու դեռ, սեւեռակէտի տակ կ'առնուին շէնքեր, ճարտարապետական կառոյցներ եւ գուրգուրանքով անոնց պահպանումը։

Նոր սերունդը լաւ չի գիտեր իր այսօր ապրած թաղատարածքի պատմութիւնը։ Թաղի փողոցներուն մէջ իր պտոյտներով (promenade) պիտի սորվի իր պապերու եւ ծնողաց պատմութիւնը։

Փանտիօ համալսարանի ուսանողներ

Յունաստանի երկու համալսարաններ՝ Աթէնքի Իրաւաբանական եւ «Փանտիօ» քաղաքական գիտութեանց, անցնող 40 տարիներու ընթացքին, իրենց համալսարանական ուսանողներու թէզերու պատրաստութեան նպատակով, եւ իրենց փրոֆէսէօրներու թելադրութեամբ ու մղումով յաճախակի խմբային այցելութիւններ տուած են Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակներն ու «Ազատ Օր»ի խմբագրատուները, իրենց նիւթի՝ Տուրղութիի հայկական առաջին գաղթակայանի հիմնադրութեան պայմաններու, ինչպէս նաեւ իրենց յաջորդական տասնամեակներու պատմութեան ուսումնասիրութեան նիւթով։

Օտար մասնակցութիւններ

Տրուած ըլլալով, որ այս ընդհանուր փառատօնի կազմակերպման իրագործման համար նիւթական ու այլ օժանդակութիւններ ստացուած են Եւրոպական Միութեան ու Աթէնքի քաղաքապետութեան յարակից մասնաբաժիններէ, ֆեսթիվալին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպական այլ երկիրներու խումբեր, ինչպէս ֆրանսական, Աւստրիական, եւայլն։

20 միութիւններ կը խորհրդակցին

Յուլիս 5-ին, այս մեծ փառատօնին մասնակից 20 միութիւններ, ընդառաջելով ընդհանուր համադրիչ մարմնի հրաւէրին, խորհրդակցական ընթրիքի մը հրաւիրուեցան Տուրղութիի մէջ, խօսելու համար տուեալ նիւթին առնչուած կազմակերպական ու ծրագրային մանրամասնութիւններու մասին։ Իւրաքանչիւր կառոյց խօսեցաւ իր մասնակցութեան մասին, անշուշտ առաջարկութիւններ ալ ընելով ընդհանուր գործի յաջողութեան գծով։

Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը հիմնադիր նիստին մասնակցեցաւ երեք անդամներով.- ընկ. Էտկար Էկեանը իբրեւ պարախումբի պատասխանատու եւ պարուսոյց, ընկ. Յովիկ Պապօղլեանը եւ ընկ. Յովսէփ Պարազեանը։

Երեք ընկերները խօսք առնելով ներկայացուցին Տուրղութիի անցեալի ու ներկայի պատմութիւնը, տալով մշակութային, ճարտարապետական, ազգագրական ու բնակչագրական պատկերներ ու յարակից այլ նիւթեր, որոնք կրնան լաւագոյն կերպով հունաւորել ու ամբողջացնել այս ընդարձակ ծրագրի իրագործումն ու յաջողութիւնը։

                                                                 Համազգայինի Թղթակից