Սփիւռքի մէջ ապրող եւ իր մայրենիին նախանձախնդիր արեւմտահայը, կոտտացող վէրք մը ունի՝ իր լեզուին դժբախտ եւ անկար վիճակը: Արեւմտահայերէնի փրկութեան համար Սփիւռքի թէ հայրենիքի պատասխանատու մարմիններուն առած մասնակի եւ կարկտան քայլերը որեւէ տեղ չեն կրնար հասցնել, որովհետեւ աղէտը ահաւոր է, իսկ տրուած դարմանը տկար եւ անզօր:
Ի զուր չէ, որ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական Եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (UNESCO) արեւմտահայերէնը դասած է վտանգուած լեզուներու շարքին:
Այս ցաւալի իրադրութեան առջեւ, Սփիւռքի մէջ ապրող, արեւմտահայերէնի նախանձախնդիր Հայուն միակ սփոփանքը պիտի ըլլար, ՀՀ-ի մէջ տեսնել հայերէնի մակարդակ մը, որ արտացոլէր պետական հովանաւորութիւն վայելող լեզուի մը ամբողջ շքեղանքը: Լեզու մը, որ պետական հովանիին տակ շարունակէր պահել անցեալի իր գեղեցկութիւնն ու զարգանար ժամանակակից նոր երեւոյթներ եւ ըմբռնումներ արտայայտող նորովի գեղակերտ բառերով:
Իրականութիւնը սակայն, բոլորովին տարբեր է:
ՀՀ-ի լրատու միջոցներուն հետեւողը կը շշմի ի տես բոլոր մակարդակներու վրայ հայերէնի մէջ ընդելուզուած օտար բառերու քանակին:
Անհատներու կողմէ օտար բառերու գործածութիւնը կրնայ այլեւայլ պատճառներ ունենալ: Օրինակ՝ ենթակային հայերէնի իմացութեան պակասը, օտարոտի բառեր գործածելով դիմացինը տպաւորելու միամիտ ճիգը կամ մեզի անծանօթ այլ ենթակայական պատճառներ:
Սակայն, երբ օտար բառեր բանաւոր եւ գրաւոր կերպով առատօրէն գործածուին պաշտօնական կառոյցներու գլուխը կանգնած պատասխանատուներու կողմէ, որոնց առաջնակարգ պարտականութիւնն է ազգայինը պահելը, պահպանելը եւ զարգացնելը, պարագան բոլորովին կը տարբերի:
Արդարեւ, այդ պատասխանատուները եթէ նոյնիսկ իրենք անձնապէս անտարբեր են մայրենիին հանդէպ, իրենց հանգամանքներուն բերումով պարտաւոր են մաքրամաքուր հայերէնով արտայայտուելու, այլապէս կը համարուին իրենց պարտականութեան մէջ թերացած պաշտօնատարներ, որոնք պարտաւոր են հաշիւ տալու իրենց ապազգային կեցուածքին համար:
Շարունակելէ առաջ հարկ է նշել, թէ տողերս գրողը լեզուագիտական պատրաստութիւն չունի եւ աւելորդ յաւակնութիւններ չունի, իր նախակրթարանի հայերէնով այլոց հայերէնի դասեր տալու: Զինք ներկայ գրութեամբ արտայայտուելու մղողը, մեր մայրենիին հանդէպ իր տածած սէրն է եւ մեր լեզուն գոնէ մեր հայրենիքին մէջ անաղարտ տեսնելու նախանձախնդրութիւնը:
Արեւելահայ մեր հարազատներուն մօտ մեր լեզուն օտար բառերով «զարդարելու» աւանդութիւնը հինէն կու գայ, ռեսպուբլիկայի եւ մինիստրներու օրերէն: Կ’ակնկալուէր, որ անկախութենէն ասդին ստեղծուած գերիշխան ազգային պետութեան առկայութեան՝ մեր լեզուն արմատապէս ձերբազատէր օտար բառերէ:
Սակայն, օտար բառեր գործածելու այդ աւանդութիւնը յամառօրէն կը պահպանուի, սկսելով պետական ամենաբարձր մակարդակէն: Կը բաւէ միայն ակնարկ մը նետել ՀՀ-ի հետեւեալ նախարարութիւններուն անուններուն վրայ: Այսպէս. գոյութիւն ունին Աշխատանքի եւ ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ (փոխան Ընկերային-ի) նախարարութիւն, ԷԿՈՆՈՄԻԿԱՅԻ (փոխան Տնտեսութեան) նախարարութիւն, ԷՆԵՐԳԵՏԻԿԱՅԻ (փոխան Ուժանիւթի) եւ Բնական Պաշարների նախարարութիւն, ՍՊՈՐՏԻ (փոխան Մարզական-ի) եւ Երիտասարդութեան Հարցերի նախարարութիւն, ՏՐԱՆՍՊՈՐՏԻ (փոխան Փոխադրութեան) եւ Կապի նախարարութիւն ու ՖԻՆԱՆՍՆԵՐԻ (փոխան Ելեւմտական-ի) նախարարութիւն:
Ինչո՞ւ մեր նախարարութիւնները հայերէնին անհարազատ այս անունները պէտք է կրեն: Ո՞վ պիտի տայ այս հարցադրումին համոզիչ պատասխանը:
Այժմ անցնինք շախմատի կամ ճատրակի բնագաւառին:
Ուրախալի է որ ՀՀ-ի մէջ ճատրակին վայելած պետական ամենաբարձր մակարդակի հովանաւորութեան շնորհիւ, Հայաստանը դարձած է ճատրակի համաշխարհային ախոյեան, որուն հաւաքականը կը յաղթէ Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Ռուսական Դաշնակցութեան նման հսկաներու ճատրակի հաւաքականներուն:
Ճատրակը դարձած է Հայաստանի ազգային խաղը, բայց երբ այդ ազգային խաղին մասին կը խօսուի, կը գործածուին ապազգային եզրեր, ինչպէս ճատրակիստ, շախմատիստ կամ չէմպիոն: Կարծէք յատուկ ճիգ մը կայ ԻՍՏ մասնիկին հայկական անձնագիր տալու: Ինչո՞ւ չենք գործածեր ճատրակորդը եւ շախմատորդը յար եւ նման լուղորդին, հեծանուորդին, օդանաւորդին, անկարգելորդին եւայլն: Իսկ չէմպիոնը, ուղղակի վիրաւորանք է ուղղուած մեր փառաւոր եւ հոգեհարազատ ախոյեանին:
Անցնինք այլ օրինակի մը:
Մամուլին մէջ կը կարդանք թէ «ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «ՖԻՆԱՆՍԻՍՏՆԵՐԻ եւ ԲԱՆԿԻՐՆԵՐԻ համահայկական երկրորդ համաժողովը», որին մասնակցում էին Սփիւռքից ժամանած, ՖԻՆԱՆՍԻՍՏՆԵՐ ինչպէս նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական ԲԱՆԿԻ, առեւտրային ԲԱՆԿԵՐԻ ապահովագրական եւ ԱՈՒԴԻՏՈՐԱԿԱՆ ընկերութիւնների, վարկային կազմակերպութիւնների ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ»:
Այս համաժողովը Սփիւռքի նախարարութեան բոլոր միւս նախաձեռնութիւններուն նման շատ գեղեցիկ եւ գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն է, բացառութեամբ իր խորագրին մէջ անկոչ հիւրի պէս անտեղիօրէն սպրդած «ֆինանսիստ»ներուն եւ «պան-կիր»ներուն, անկախաբար համաժողովին մասին հրապարակուած լրատւութեան մէջ տեղ գտած այլ օտար բառերէն: Տողերս գրողը այս օտար բառերուն հայերէն համազօրը «յայտնաբերելու» ճիգով, դիմեց համացանցի վրայ զետեղուած «Նայիրի» հայերէնի ուղղագրիչ բառարանի կայքէջին բառարաններու հաւաքածոյին:
Այդ ճիգին արդիւնքը այն եղաւ որ գտնուեցան «ֆինանսիստ»ին կամ աւելի ճիշդը «ֆինանսիէ»ին համազօր հայերէն երկու գեղեցիկ բառեր, մէկը ելեւմտագէտն է, միւսը՝ դրամավարը, որոնց երկուքն ալ կրնան արժանապատիւ կերպով, ճշգրտօրէն եւ հարազատօրէն փոխանցել օտարոտի «ֆինանսիստ»ով ըսել ուզուածը:
«Բանկիր»ին պարագան աւելի դիւրին է: Անոր հայերէն համազօրը սեղանաւորն է: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ անցեալին գործող շատ մը ամիրաներ սեղանաւորներ էին: Այս առիթով աւելորդ պիտի չըլլար աւելցնել, թէ ոչ մէկ անպատեհութիւն կայ «բանկ» բառին տեղ գործածել հայերէն դրամատուն բառը, Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատուն (փոխան բանկի):
Կը մնայ «աուդիտորական» ընկերութիւններուն հարցը:
Գաղտնիք չէ որ «աուդիտորական»ին արմատը տառադարձուած «auditor» բառն է, որուն հայերէն համազօրներն են հաշուեքննիչը կամ հաշուետեսը: Հետեւաբար, աուդիտորականին տեղ կարելի է աւելի դիւրահունչ եւ սրտամօտ հաշուետեսականը գործածել:
Ներկայ հատուածին սկիզբը ներկայացուած լրատւութիւնը միայն հայերէն բառապաշարով վերախմբագրելով, պիտի ստացուի հետեւեալը.
«ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ելեւմտագէտների (կամ դրամավարների) եւ սեղանաւորների համահայկական երկրորդ համաժողովը, որին մասնակցում էին Սփիւռքից ժամանած ելեւմտագէտներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան, առեւտրային դրամատների ապահովագրական եւ հաշուետեսական (կամ հաշուեքննչական) ընկերութիւնների, վարկային կազմակերպութիւնների ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ»:
Ամէն անգամ որ հայրենի լրատու միջոցներու մէջ վերը նշուածներուն նման օտարաբանութիւններու հանդիպինք, ակամայ կը վերյիշենք սփիւռքահայ զուարթախոհ մտաւորական բարեկամուհիի մը Հայաստանէն իր առաջին այցելութենէն վերադարձին ունեցած մէկ արտայայտութիւնը, ուր մօտաւորապէս կ’ըսէր. «Ուրախ եմ որ ֆրանսերէն եւ անգլերէն գիտեմ: Ատիկա օգնեց ինծի որ հասկնամ Երեւանի մէջ խօսուած հայերէնը»:
Բարեկամներ յաճախ դիտել կու տան թէ չի բաւեր միայն քննադատելը, հարկ է նոյն ատեն լուծումներ առաջարկել:
Մեծագոյն ցաւն այն է, որ երկար տարիներէ ի վեր հայերէնի պատկառելի լեզուագէտներ շունչ կը հատցնեն հայկական հեռատեսիլի կայաններէն զանազան հաղորդաշարերով՝ բացատրելով թիւրն ու թերին, փորձելով բարելաւել հայրենիքի մէջ գործածուող մայրենիի մակարդակը: Արդի՞ւնք. գրեթէ ոչ մէկ դրական արձագանգ, կարծէք ըսուածները ուղղուած ըլլային արտասահմանի՝ այլ ոչ թէ հայրենիքի հայութեան:
Ի՞նչ է այս քրոնիկ ցաւին լուծումը:
Առաջարկուելիքը կրնայ անսովոր թուիլ, այսուհանդերձ կ’արժէ փորձել:
ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, շնորհիւ իր տարած ազնիւ, նուիրեալ եւ նպատակասլաց գործունէութեան (վկայ Հայաստան հաստատուող Սուրիահայերու հանդէպ իր ցուցաբերած հարազատի վերաբերումը) շատ մը Սփիւռքահայերու կողմէ իրաւամբ կը դիտուի նաեւ որպէս սփիւռքահայութեան նախարարը ՀՀ-ի մօտ:
Հետեւաբար, Հայոց լեզուի մեր հարցին պարագային իբր վերջին ապաւէն թերեւս կարելի է դիմել իրեն:
Արդարեւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան յայտարարութիւններուն մէջ կը խօսուի հայապահպանումի, հայրենադարձութեան եւ հայադարձութեան մասին: Պիտի խնդրէինք սփիւռքահայութեան նախարարէն, որ այս բոլորին կողքին իր ելոյթներուն ընթացքին (որոնք յաճախ կը բարձրանան գեղարուեստական կատարումի մակարդակին), խօսի նաեւ հայերէնադարձի մասին, որպէս հայապահպանումի կարեւոր եւ անշրջանցելի գործօն:
Եթէ Սփիւռքի նախարարութիւնը ձեռնարկէ հայերէնադարձի արշաւի մը, հայրենի այլ նախարարութիւններ եւ գերատեսչութիւններ՝ որոնց առաջնային պարտականութիւններուն ծիրին մէջ կ’իյնայ ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան հարցերով զբաղիլը, թերեւս բարի նախանձէ մղուած (թէկուզ եւ չար նախանձէ...), իրենք եւս միանան հայԵրէնադարձի արշաւին:
Այս միահամուռ արշաւը կրնայ օգնել որ Հայոց լեզուն հայրենի հողին վրայ, իր վտարանդիի կարգավիճակը թօթափելով, բազմի իրեն արժանի պատուանդանին վրայ:
Այս ուղղութեամբ որպէս առաջին քայլ ամենէն գործնականը այն պիտի ըլլար, որ ՀՀ Սփիռքի նախարարը առաջարկ ներկայացնէ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որ հրամանագիր մը ստորագրէ փոխելու եւ հայացնելու ՀՀ այն նախարարութիւններուն անունները, որոնք օտարոտի են:
ՀՀ նախարարութիւններուն անունները հայացնելու նախագահական նման իմաստուն որոշում մը, լաւագոյն ազդանշանը պիտի ըլլար հայերէնադարձի արշաւին մեկնարկին եւ երաշխիքը՝ անոր յաջող ելքին:
Այս բոլորին կրնայ նպաստել նաեւ այն բարեդէպ զուգադիպութիւնը, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ունի բանասիրական կազմաւորում:
Չենք գիտեր թէ Հայոց լեզուի մասին մեր ունեցած բարի ակնկալութիւնները, պիտի իրականանա՞ն, թէ՞ անոնք պիտի դատապարտուին արթուն երազողներու մտքերուն մէջ ապրելու, որպէս մնայուն յաճախանք:
Ամէն ինչ կախում ունի ՀՀ-ի գերագոյն իշխանաւորներուն՝ մեր մայրենիին հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութենէն:
ՊԵՐՃ ԹԷՐԶԵԱՆ
Գահիրէ