Հաւասար հնարաւորութիւններու եւ իրարու միջեւ յարգանքի պատգամները փոխանցելով ՝բացումը կատարուեցաւ Աթէնքի Special Olympics մարզախաղերուն:
183 երկիրներէ ժամանած 7.500 մարզիկներ տողանցեցին Ուրբաթ գիշեր  բացման արարողութեան ընթացքին: Անոնց շարքին էր Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը:
Կÿանդրադառնանք յառաջիկային:

Դժուար շաբաթ մը կը սկսի

Այսօր Երկուշաբթի օր կը սպասուի տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի կողմէ տնտեսական ծրագրի նոր նախագիծը, 600 միլիոն եւրօ գումարի ապահովման նպատակով: Անցնող շաբաթավերջին կայացան նախարարի եւ եւրոպական եռեակի միջեւ բանակցութիւնները:

Լարուած վիճակի մէջ բայց ըստ կանխատեսումի՝ երէկ գիշերուան ժամը 12էն ետք, հելլէն խորհրդարանէն ներս ամբողջացաւ կառավարութեան գործին հանդէպ վստահութեան քուէի անուանական քուէարկութիւնը:

Ժամը 01:00ին յայտնի դարձաւ արդիւնքը, ըստ որու 155 երեսփոխան թեր քուէարկեց, 143 դէմ, 298 երեսփոխաններու ընդհանուր թիւի վրայ:
Նոյն պահուն, դուրսը, Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, 29րդ օրն ըլլալով «վրդոված» քաղաքացիները համախմբուած էին եւ մեծ պաստառներու վրայ կը հետեւէին քուէարկութեան արդիւնքներուն, իրենց կարգին «անվստահութեան քուէ» տալով կառավարութեան կողմէ առաջ քշուող ծրագրին:
Խորհրդարանէն ներս լարուած կլիմայի մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկան կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ղեկավարները: Քննադատական բուռն ոճ օգտագործուեցաւ փոխադարձաբար, իսկ «Նոր Հանրապետութիւն» կուսակցութեան երեսփոխանները նիստէն մեկնեցան բողոքի իբրեւ արդիւնք, երբ կառավարութեան փոխ նախագահ Թոտորոս Փանկալոս յայտարարեց թէ «պետութեան կայացման օրէն ի վեր, 1981ին առաջին անգամն էր որ իրական ժողովրդավար կառավարութիւն ունեցանք»:
Փոխադարձ ամբաստանութիւններու եւ գրգռութիւններու խօսքերէ ետք՝ երեսփոխանները սրահ վերադարձան եւ շարունակուեցաւ օրակարգը:

«Վրդովածներ»ու
շրջափակումը
պիտի շարունակուի


29 օր եւ համաեւրոպական 4 կիրակնօրեայ հաւաքներու մասնակցելէ ետք՝ «Վրդովածներ»ը կը յայտարարեն թէ պիտի շարունակեն համախըմբումները, մինչեւ Յունիս վերջ, բուռն կերպով հակառակելով կիրարկուած քաղաքականութեան դէմ:
Աշխատաւորական համահելլէնական սենտիքան յայտարարած է թէ 48 ժամուան ընդլայնուած գործադուլ պիտի կազմակերպէ յառաջիկային:

Երկրի հրապարակներուն վրայ կը շարունակուին բողոքի հաւաքները

Այսօր Երկուշաբթի կանուխ առաւօտեան ժամերուն, իր աւարտին հասաւ Eurogroup- ի ժողովը: Նախագահ Ժան Գլոտ Եունքերի հաղորդումին համաձայն, Յունաստանի տրամադրուած վարկերու 5րդ մասը (12 միլիառ եւրօ գումարով, ընդհանուր 110 միլիառի վրայ) պիտի յանձնուի Յուլիսի սկիզբը, հելլէն խորհրդարանի կողմէ տնտեսական ծրագրի վաւերացումէն ետք: Յաւելեալ՝ Eurogroup-ի պատասխանատուն յստակ դարձուց թէ հելլէն խորհրդարանի կողմէ տնտեսական ծրագրի վաւերացումը նախապայման է՝ վարկի տրամադրման համար:
Հաղորդագրութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձ կը կատարուի Յունաստանի քաղաքական դաշտի բոլոր ուժերու ազգային համախոհութեան անհրաժեշտութեան, յաջողցնելու համար ծրագրի ճշգրիտ եւ արագ գործադրումը:
Հանրաքուէի կազմակերպում

Վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու խորհրդարանի բեմէն խօսելով, յայտարարեց, թէ երկրի վերելքին համար անհրաժեշտ ծրագրերու իրականացման գծով հանրաքուէ պիտի կազմակերպուի աշնան: Ան դիտել տուաւ, թէ «պարտքերը ազգային հարց են» եւ կառավարութիւնը խորհրդարանի վստահութեան քուէին պէտք ունի: Խորհըրդարանէն ներս կը շարունակուի կառավարութեան վստահութեան  քուէի տրամադրման օրակարգը, որ իր աւարտին պիտի հասնի վաղը Երեքշաբթի գիշեր, բաց քուէարկութեամբ:


«Վրդովածներ»ու հաւաքները կը շարունակուին

Որպէս գագաթնակէտ ճշդելով Յունիս 28ի թուականը, երէկ դարձեալ հա-ւաքուեցան «վրդովածներ»ու մասնակից քաղաքացիները, Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, մաս կազմելով համաեւորապական 4-րդ բողոքի հաւաքին: Ինչպէս յայտնի դարձաւ, «Անվստահութեան» քուէի համար յատուկ քուէատուփ զետեղուած պիտի ըլլայ հրապարակին վրայ, Երեքշաբթի երեկոյեան, ժողովուրդին բողոքի պատգամը իշխանութիւններուն ուղղելու նպատակով:
Նոյն պահուն, եւրոպական մամուլը կը շարունակէ խիստ ոճ օգտագործել Յունաստանի դէմ, առաջատար ունենալով գերմանական Der Spiegel-ը, որ լոյս տեսաւ՝ «Եւրոյի մահը» կանխատեսելով: Ամսաթերթի խմբագրական գրութեան մէջ նշուած է, թէ տնտեսական տագնապի լուծումը ժողովուրդին կողմէ պիտի վճռուի, Աթէնքի եւ Լիզպոնի հրապարակներուն վրայ, եթէ քաղաքացիներու հակադրութեան բախին կառավարութիւններու կողմէ առաջ տարուող տնտեսական ծրագիրները:

Բազմամարդ հաւաքներու 12րդ օրն ըլլալով, երէկ գիշեր Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակը ողողուեցաւ «վրդովածներու» շարժումին պատկանող հազարաւոր քաղաքացիներով: Գնահատումները կը խօսին 200.000է շատ աւելի մարդոց եռանդուն հաւաքի մը մասին, ուր յունական դրօշակներու կողքին ծածանեցան Փորթուկալի, Իրլանտայի, Սպանիոյ, Արժանթինի, Եգիպտոսի եւ Եմենի դրօշակները:

Համաեւրոպական բնոյթ կրող խաղաղ շարժումը, իր գագաթնակէտին հասաւ երէկ գիշեր, հազարաւոր մարդոց մասնակցութեամբ:

Ոստիկանական ուժերը կանուխէն շըրջապատած էին հելլէն խորհրդարանի շէնքը, մինչ ժողովուրդը փոխադրութեան տարբեր միջոցներով ուղղուեցաւ դէպի Սինտաղմա:

Յատկանշական էր ժողովուրդի բազմերանգ ներկայութիւնը, ուր մեծ ու պզտիկ, երիտասարդ ու տարեց, ընկերներու խումբերով թէ ընտանիքներով, բոլորը ներկայ գտնուեցան, հեռու՝ կուսակցական խմբաւորումներէ: Կարգապահ կեցուածքով, առանց բռնութեան դիմելու, քաղաքացիները լոզունգներ բացագանչեցին, հիմնականօրէն՝ գործազրկութեան, երիտասարդներու ապագայի անորոշութեան, կրթութեան, առողջապահութեան հարցերու վերաբերող:

Զայրոյթի եւ հիասթափութեան ալիքը իր տեղը հետզհետէ կուտայ վըճռակամ ու հաստատ քաղաքական կեցուածքներու:

Հաւաքներ այլ քաղաքներու մէջ

Աթէնքի կեդրոնէն զատ, խիտ շարքեր կազմած մարդիկ՝ հաւաքուեցան Թեսաղոնիկէի Սպիտակ Աշտարակի շըրջակայքին, ինչպէս եւ Իրաքլիոյի, Փաթրայի, Լարիսայի, Լամիայի, Թրիփոլիի, Քալամաթայի, Կորընթոսի եւ Արղոսի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ: