Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը աննախընթաց ձեռնարկ մը իրագործելու ուղղութեամբ խիզախ քայլ մը առած է:

Այս կազմակերպութեան Ցեղապաշտութեան եւ անջատողականութեան դէմ պայքարի մարմինը, «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին՝ ուրացման քաղաքականութեան վերջ դնել» բնաբանին ներքեւ, ձեռնարկած է Անատոլիայի քաղաքներու պատմութիւնը վերստին գրելու զօրաշարժին։ Այս զօրաշարժը պիտի իրագործուի զանազան ձեւերով։ Օրինակ՝ քաղաքներու պատմութիւնը վերստին պիտի գրուի, հայկական ժառանգութիւններու մասին աշխատաժողովներ պիտի կազմակերպուին ու ջանք պիտի տարուի, որ Հայկական Հարցին մասին ցարդ միտքերու մէջ քանդակուած սխալ տպաւորութիւնները սրբագրուին։ Այս զօրաշարժը 2015 թուականով պիտի չսահմանափակուի։ Անիկա Ասորիներու, Յոյներու, Քաղդէացիներու, Եզիտիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն ալ պիտի անդրադառնայ։
Այս ձեռնարկը լուսաբանելու համար, Մարդկային իրաւանց միութեան շէնքին մէջ կազմակերպուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն մասնակցած են միութեան նախագահ Իւմիթ Էֆէ, յանձնախումբին անունով՝ Այշէ Կիւնայսու, Էրէն Քէսքին, Մերալ Չըլտըր եւ Ռենան Աքման։ Յանձնախումբի անդամները այս զօրաշարժին կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ընելէ առաջ քննած են նաեւ վարչապետ Էրտողանի ցաւակցական գրութիւնը։
Փաստաբան Էրէն Քէսքին յայտնած է, որ այս զօրաշարժը միայն Պոլսոյ մասնաճիւղին ջանքերով պիտի չիրագործուի, այլ անոր պիտի մասնակցին Մարդկային իրաւանց միութեան բոլոր մասնաճիւղերը։
Յանձնախումբը կոչ ուղղած է, որ պետութեան կողմէ ցարդ քարոզուած «պատմական պաշտօնական սուտեր»ը երեւան հանուին, նաեւ՝ կոչ ուղղած է, որ ժողովուրդը ուրացման քաղաքականութեան դէմ իրենց պայքարին զօրավիգ կանգնի։ «Պաշտօնական պատմական սուտերը երեւան հանենք, քաղաքներու պատմութեան տէր կանգնինք, մեր ապրած վայրերուն մասին յիշողութիւններու տեղ տանք, չարտօնենք, որ գործուած մարդկային յանցանքները մոռացութեան տրուին։ Այս աշխատանքները կատարելու համար, ժողովրդավարական գետնի վրայ բոլոր ուժերը շարժման անցնենք», նշուած է բանախօսներուն կողմէ:
Այս զօրաշարժին հիման վրայ, առաջին հերթին ջանք պիտի թափուի, որ Ցեղասպանութիւնը գործածներուն անունով մկրտուած պողոտաներու, փողոցներու եւ զբօսայգիներու անունները ջնջուին եւ այդ փողոցներուն տրուին Ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայ երեսփոխաններու, գրագէտներու, լրագրողներու եւ գիտնականներու անուններ։
Այս զօրաշարժին համար որպէս կեդրոնական քաղաքներ նշանակուած են հետեւեալ ինը քաղաքները՝ Ատափազար, Էսկիշէհիր, Պուրսա, Քիւթահիա, Անգարա, Ամասիա, Այնթէպ, Կեսարիա եւ Էրզրում։ Յանձնախումբը պիտի ապահովէ, որ այս քաղաքներուն մէջ նշանակուած յանձնախումբի անդամներուն կողմէ ճշմարտութեան հիման վրայ պատմութիւն գրուի եւ այդ պատմական տուեալները՝ համացանցի միջոցաւ, ժողովուրդի օգտագործման եւ իւրացման տրամադրուի։ Պիտի ապահովուի նաեւ, որ ժողովուրդներու մասին ցեղապաշտական արտայայտութիւններ բովանդակող պատմութիւնները ներկայացուին ճշմարտութեան համապատասխան ձեւով։ Պիտի կազմակերպուին բազմաթիւ բանախօսութիւններ, ինչպէս՝ «Օսմանեան շրջանին Հայոց ապրելակերպը», «Հայոց գրականութիւնը», «Վիրաւորանք», «Յիշողութիւն», «Մոռացման ջանք», «Ուրացում», «Ցեղասպանութենէն ծնած հարուստները», «Կալ-ւածներու գրաւում» եւ այլն։
Այս բանախօսութիւններէն առաջինը, որու նիւթն էր «Վիրաւորական ժառանգութիւն եւ պրպըտողական աշխատանք», կը կազմակերպուէր Անատոլիայի հետազօտութիւններու կեդրոնին եւ Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին զօրակցութեամբ եւ տեղի կ'ունենար Ֆրանսական մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ։ Բանախօսութեան կը մասնակցէին Ֆրանսայէն՝ գրագէտ Ժանին Ալթունեան եւ հոգեբոյժ Պելլա Հապիպ։