Ըստ Թուրք Երեսփոխանի Մը
Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Մեհմետ Ալի Էտիպօղլու յայտնած է,
որ Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ, Այնթապ, Ուրֆա եւ Քիլիս շրջաններէն՝ գաղտնի ճամբաներով Իրաք անցած եւ շրջաններ գրաւած զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ անցած քարիւղն ու քարիւղամթերքը Թուրքիոյ կը ծախեն՝ միլիոնաւոր տոլարի շահ ապահովելով: «Ատիկա ամբողջ աշխարհը սպառնալիքի տակ պահող ահաբեկչական խմբաւորում մըն է: Անոնք դիւրութեամբ մարդ կը սպաննեն՝ հաւատալով, որ ատկէ ետք դրախտ պիտի յայտնուին: Այդպիսի խմբաւորում ամէն պահու կրնայ Թուրքիոյ վնաս հասցընել», ըսած է երեսփոխանը՝ կոչ ուղղելով չափազանց զգոյշ ըլլալու:
Էտիպօղլու ըսած է, որ խմբաւորումը իր գրաւած տարածքներէն՝ Սուրիոյ Ռումայլանէն եւ Իրաքի Մոսուլէն քարիւղը Թուրքիոյ կը ծախէ:
Ընդդիմադիր երեսփոխանը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիա աչք կը փակէ իր տարածքով Եւրոպայէն ու Չեչենիայէն մեծաթիւ զինեալներու՝ Սուրիա եւ Իրաք մուտքին ի տես։ «Անոնց կ՛օգնեն առնուազն հազար թուրքեր: Ատիկա առանց թրքական գաղտնի սպասարկութեան գիտութեան տեղի չէր կըրնար ունենալ», ըսած է Էտիպօղլու:
Ներկայիս շուրջ երկու հազար հոր վերահսկող կազմակերպութիւնը օրական 1500 թոն մաքսանենգուած քարիւղ կը ներածէ Թուրքիա: Ատիկա Թուրքիոյ մէջ սպառուող քարիւղին 3.5 առ հարիւրն է: