Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ՊԱՔՈՒ.- Երեքշաբթի, Յունիս 17ին սկսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Ատրպէյճան պաշտօնական այցը. այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ այցելութեան ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն Կասպից ծովու սահմաններուն խնդիրը: Օրակարգին վրայ է նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը: Շեշտը պիտի դրուի ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան վրայ: