Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի սեմինարին ընթացքին Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզայի արտասանած խօսքը խառն վիճակ ստեղծած է։

ԱՊԱ գործակալութեան համաձայն՝ «Հարաւային Կովկաս. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագիրը կրող քննարկման ընթացքին Պրայզա յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները տակաւին չեն կրցած փոխվստահութեան անհրաժեշտ մակարդակի հասնիլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման եւ փոխզիջումներ կատարելու համար:
Պրայզայի համաձայն՝ հակառակ անոր որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը երկար տարիներ ջանքեր ի գործ դրած է հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ, հարցը տակաւին չէ լուծուած:
«Անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ ռազմական ճամբով ընթանալու հաւանականութիւնը նուազեցնելու համար», յայտնած է ան: Իր խօսքին մէջ Պրայզա կոչ ուղղած է կողմերուն ընդհանուր լեզու գտնելու:
Հայկական պատուիրակութիւնը ողջունած է Պրայզայի ելոյթը, իսկ պատուիրակութեան ղեկավար Կորիւն Նահապետեան Ատրպէյճանին կոչ ուղղած է արձակազէնները հեռացնել շփման գիծէն։
Անկէ ետք խօսք առած է ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամ Կուտրաթ Հասանքուլիեւը, որ քննադատած է Պրայզան ու հայերը: Ան Պրայզային յիշեցուցած է, որ հայերը դէմ էին իր դեսպան ըլլալուն՝ միայն այն պատճառով, որ կինը թուրք է:
Հայկական պատուիրակութեան անդամ Թեւան Պօղոսեանն ալ բարձրացուցած է հարցը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի, որ այդ երկրին մէջ հերոս կը նկատուի: Կորիւն Նահապետեան պահանջած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ քննարկումներուն որպէս կողմ մասնակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնած է Լեռնային Ղարաբաղ բնակող հայերու ինքնորոշման հարցը։
Յիշեցնենք, որ սեմինարին մասնակցելու համար Պաքու գացած էին Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Կորիւն Նահապետեան, Թեւան Պօղոսեան եւ Երեւանի մէջ Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռիչարդ Կիրակոսեան: