Ատրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ կռուող ազերի զինեալները զանգուածաբար կը պատռեն իրենց անցագրերը, որոնք տրամադրուած են Ատրպէյճանի պետական մարմիններուն կողմէ:
Ընկերային ցանցե- րուն վրայ տարածուած լուսանկարներուն մէջ տեսանելի են պատռտուած ատըրպէյճանական անցագրեր:
«Ատրպէյճանական անցագրերու ցուցադրական ոչնչացումը կը վկայէ այն մասին, որ ծայրայեղական իսլամականները չեն ճանչնար Ատրպէյճանը եւ կը հրաժարին անոր քաղաքացիութենէն՝ ցուցադրելով իրենց թշնամական վերաբերումը այդ երկրին նկատմամբ», կը գրէ ատրպէյճանական կայքէջը: