Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին միջազգային կոմիտէ»ի անդամները, Թորւքիոյ մէջ բանտարկուած հայ լեզուաբանին ազատ արձակելու համար իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած են, անյապաղ գործի անցնելու եւ Սեւան Նշանեանի ազատ արձակումը յաջողցնելու կապակցութեամբ:

Կոմիտէի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուած է թէ իր շուրջ համախմբուած է մտաւորականներու եւ տարբեր քաղաքացիական կազմակերպութիւններու անդամներու մեծ թիւ, որոնք Նշանեանի բանտային պայմանները կը գտնեն անընդունելի, տեսնելով նաեւ անոնց աստիճանական վատթարացումը եւ նոր դատական գործերու յարուցման մասին սպառնալիքները:
Կոմիտէի անդամները Նշանեանի գործով կայացած դատական որոշումը՝ «իսկական ծաղրանք» կ'անուանեն եւ դիտել կուտան թէ՝ ատելութեան եւ խտրականութեան բացայայտ դրսեւորում կը նկատեն Նշանեանի բանտարկութիւնը:
Կոմիտէի անդամները իրենց խոր մտահոգութիւնը կը յայտնեն հայ լեզուաբանի առողջական վիճակի եւ ապագայի կապակցութեամբ: Անոնք յոյս յայտնած են թէ Սեւան Նշանեանի նկատմամբ կիրառուող անարդարութիւնը պիտի սրբագրուի եւ հայ լեզուաբանը ազատ պիտի արձակուի: