Ատրպէյճանական kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Նիլս Մուժնիեքս դատապարտած է Պաքուի մէջ ֆրանսացի լրագրողներ Լորան Ռիշարի եւ Էմանուել Պախի ձերբակալութիւնն ու սարքերու բռնագրաւումը:
Մուժնիեքս «Թուիթըր»-ի ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «Մտահոգուած եմ Ազրպէյճանի մէջ ֆրանսացի լրագրողներու ձերբակալութեամբ եւ նիւթերու բռնագրաւումով: Ատիկա հերթական հարուածն է այդ երկրին մէջ մամուլի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներուն»:
Ֆրանսացի լրագրողները ձերբակալուած էին Պաքուի օդակայանին մէջ՝ Փարիզ ուղղուելէ առաջ: Անոնք Պաքուի մէջ էին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի այցելութեան լուսաբանման համար:
Յատուկ ծառայութիւնները անոնցմէ վերցուցած էին բոլոր սարքերն ու նկարահանած նիւթերը, իսկ անոնց ստիպած էին նստիլ Փարիզ ուղղուող օդանաւ: