Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ըստ պուլկարական «Նովինայթ» գործակալութեան, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ-Մանուէլ Պարոսօ Պուլկարիոյ Կերպ կուսակցութեան փոխնախագահ Ցվեթան Ցվեթանովի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է,

որ Եւրոպա քաղաքական նախապատւութիւն չի տար «Հարաւային հոսք» նախագիծին, որովհետեւ ան կրնայ տարբեր ըլլալ, սակայն մատակարարը նոյնն է՝ ռուսական «Կազ- փրոմ»ը:
Պարոսօ նշած է, որ հրաժարելով «Հարաւային հոսք»էն, Եւրոպան կրնայ նախընտրել Իտալիոյ տարածքով ատրպէյճանական կազի ներածումը, եթէ «Ատրպէյճան յաջողի դիմակայել Ռուսաստանի ճնշումը»:
«Հարաւային հոսք»ը կազի խողովակաշարի ռուսա-իտալա-ֆրանքեւգերմանական նախագիծ է, որ պիտի երկարի Սեւ ծովուն յատակէն մինչեւ Պուլկարիոյ Վառնա նաւահանգիստը, ուրկէ անոր երկու ճիւղերը պիտի անցնին Պալքանեան թերակղզիէն դէպի Իտալիա եւ Աւստրիա: Կազի խողովակաշարի շինարարութիւնը սկսած է 2012ին: Աւարտը նախատեսուած է 2015ին: Խողովակաշարը տարեկան 63 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ փոխադրելու կարողութիւն պիտի ունենայ: Արժէքը՝ 16 միլիառ եւրօ է: