ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայկական Հարցին վերաբերեալ շարք մը ապշեցնող յայտարարութիւններով հանդէս եկած է թուրք նախկին դեսպան Վոլքան Վուրալը, պնդելով, որ
հայերուն հասցէագրուած ցաւակցական ուղերձին կողքին այլ քայլերու եւս կարելի է ձեռնարկել: Ըստ «Պուկիւն»ի՝ Վուրալ նշած է, թէ զոհերու թոռներուն քաղաքացիութիւն տալու գործընթացը կարելի է դիւրացնել, սակայն հատուցման մասին խօսիլ իսկ կարելի չէ: «Կ՛ըսեն, որ եթէ «ցեղասպանութիւն» ըսենք, հողային հարց մէջտեղ պիտի գայ: Այսօր աշխարհի մէջ ո՞ր պետութիւնը միւսին հող յանձնած է: Այսինքն՝ ո՞վ Թուրքիոյ հողը Թուրքիայէն պիտի պահանջէ», ըսած է ան ու ամենայն «լրջութեամբ» աւելցուցած. «Եթէ զոհերու թոռիկները փափաք ունենան հաստատուելու հոն, ապա բնակարանաշինութեան նախարարութիւնը կրնայ տուներ յատկացնել անոնց»: