«ԱԿՕՍ».- Քալէ թաղամասը Մուշ քաղաքի հայկական հնագոյն բնակավայրն է: Պատմական Մուշէն այսօրուայ մնացած այս եզակի վայրը նախապէս լոյս տեսած հրատարակութիւններով օրակարգի եկած էր, եր վարչապետարանի կողքին գործոցղ ԹՕՔԻ շինարարական ընկերութիւնը բնակելի շէնքեր կառուցելու համար փլցուցած էր թաղամասի պատմական շէնքերը:
«Ակօս»ի հրատարակութենէն ետք այդ փլուզումէն փրկուեցան պատմական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ բնակելի շէնք մը: Եկեղեցին գանձախոյզներու կողմէ բազմիցս աւերուած էր արդէն ու այժմ միայն չորս պատերը կանգուն են: Մշակոյթի նախարարութեան գրանցումէն ետք կը սպասուի, որ պահպանման միջոցներ ալ ապահովուին:
30 Մարտի շրջանային ընտրութիւններէն ետք, պաշտօնի եկած Մշոյ նոր քաղաքապետ Ֆէյատ Ասիա «Ակօս»ին յայտնեց, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման համար սկսած են նախագիծերու մշակման գործին:
Միւս կողմէ ճարտարապետներու Սենեակի Մուշի վարչութեան յարուցած դատն ալ վճիռի մը յանգեցաւ եւ դատարանը որոշեց, որ նա- խապէս ութ յարկանի ըլլալով նախատեսուած ԹՕՔի շէնքերը սահմանուին վեց յարկով: