Կը քննադատուի ամերիկացի
համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի գործունէութիւնը
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանը Ուրբաթ, 2 Մայիսին առաջարկած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խըմբակը հաշուետուութիւն տայ նոյն կառոյցի ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին, եւ պահանջած է տուեալ հարցը ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի՝ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգին վրայ դնել:
Առաջարկը ներկայացուցած է խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով, որ այս առիթը օգտագործած է դարձեալ քննադատելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի գործունէութիւնը՝ ըսելով . «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր անդամները չեն հասկնար ղարաբաղեան տագնապին էութիւնը եւ զբաղած են միայն «Թուիթըր»-ի վրայ անհիմն մեկնաբանութիւններ գրելով: Որոշ համանախագահներ կը փորձեն Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացնել իբրեւ հակամարտող կողմ: Արդեօք նման պետութիւն գոյութիւն ունի՞», հարց տուած է ան:
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Պահար Մուրատովա ըսած է, որ Պաքուի մէջ 28 Յունիսէն 2 Յուլիսին ԵԱՀԿ-ի Խորհըրդարանական վեհաժողովի ընթացքին, օրակարգի վրայ պիտի դրուի «ատըրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման հարցը»: