«Արմէնփրես» եւ «Մարմարա» կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան, ապա նաեւ անջատ հանդիպում մը ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ՝ ճաշի սեղանի շուրջ:
Տաւութօղլու յայտնած է, որ հանդիպումը կայացած է բարեկամական մթնոլորտի մէջ եւ նշած, թէ Աթեշեան հայկական համայնքին գոհունակութիւնը յայտնած է Էրտողանի յղած ուղերձին կապակցութեամբ: «Յոյս ունինք, որ մեր երկարած բարեկամութեան ձեռքը անպատասխան չի մնար», ըսած է նախարարը:
Իր կարգին, Արամ սրբազան նախարարին շնորհակալութիւն յայտնած է Քեսապէն Թուրքիա ապաստանած հայերուն նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութեան ու օգնութեան համար:
Հայկական պատուիրակութեան մաս կազմած են նաեւ Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմեզկիլ եւ Շիրուան քհնյ. հայրը: Նշենք, որ Էրտողանի հետ հանդիպումը մօտաւորապէս 1.5 ժամ տեւած էր, եւ անոր ներկայ գտնուած էին նաեւ Տաւութօղլուն, փոխ վարչապետ Պիւլենթ Արընչը եւ վարչապետարանի փոխ խորհրդատու Իպրահիմ Քալընը: