Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23ին, աշխարհի տարբեր լրատուամիջոցներ շտապ հաղորդագրութեամբ տարածեցին Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւնը, որ կը կրէ «Ուղերձ՝ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն մասին» վերնագիրը:

Յայտարարութեան սկիզբէն իսկ, Էրտողան ընդհանրացուցած է 1915ի աղէտը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր ժողովուրդներու վրայ ազդեցութիւն ունեցած ահաւոր թուական: Երկարաշունչ յայտարարութեան մէջ, Էրտողան կը շարադրէ թրքական պետութեան տասնամեակներ շարունակ կիրարկուող ուրացման քաղաքականու- թիւնը, միաժամանակ կը կրկնէ պատմաբաններու «միացեալ յանձնաժողով» ձեւաւորելու եւ արխիւները բանալու մասին յայտարարութիւնները:
Վերջերս բազմաթիւ փորձագէտներ կը նշէին, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, Թուրքիան լայնածաւալ գործողութիւններու պիտի դիմէ: Սոյն յայտարարութիւնը այդ ծրագիրին մէկ մասը կը թուի ըլլալ:
Յայտարարութիւնը տարածուած է քանի մը լեզուներով, որոնց շարքին նաեւ՝ վատ թարգմանուած արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան այս առթիւ յայտնեց, թէ Էրտողանի յայտարարութիւնը պարզապէս թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը նոր տարազով ներկայացնելու փորձ մըն է: