Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ Պատմութեան հիմնարկի նախագահ Մեթին Հիւլակիւ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ հայերէնի ուսուցումը պիտի շարունակէ պահպանել իր կարեւութիւնը 2015էն յետոյ ալ:

Թրքական «Անատոլու» գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ան նշած է, որ Թուրքիոյ ուսանողները եւ գիտական աշխատանք ծաւալողները կը շարունակեն հետաքրքրուիլ հայերէնով: Հիւլակիւ ըսած է, որ իրենք հայերէնի ուսուցումը սկսած են ոչ թէ Ցեղասպանութեան մօտալուտ 100րդ տարելիցին ընդառաջ, այլ՝ շատոնց:
Նշենք, որ 2012ին հայ եւ թուրք լրագրողներու հետ իր հանդիպումին, ան նեղ իրավիճակի մատնուած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող իր ծիծաղելի առարկութիւններուն պատճառով: Այդ հանդիպումին ներկայ թուրք լրագրողներն իսկ ծիծաղած էին Հիւլակիւի ըսածներուն վրայ: