Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին Լա Հէյի մէջ:

Ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Լա Հէյի մէջ 24-25 Մարտին նախատեսուած Հիւլէական անվտանգութեան հարցերով խորհըրդաժողովին ընթացքին:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը շրջան պիտի այցելէ Ապրիլին:
«Մենք չենք կրնար յաւերժ բանակցիլ, պէտք է սկսիլ խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրի շուրջ քննարկումին», ըսած է Մամետեարով: