Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պաքու իր պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական լծակներով կը շարունակէ հանդէս գալ տարբեր յայտարարութիւններով, որոնք պարզապէս կը փաստեն անոր դիւանագիտական քաղաքակրթութիւնը:

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Աշթընի՝ Նոր Ջուղայի հայկական եկեղեցի այցին հակազդելով՝ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Նովրուզ Մամետով դրսեւորած է անքաղաքակիրթ վերաբերում եւ «Թուիթըր»ի վրայ գրած. «Կարծես յարգարժան Աշթընը խոստացած է այցելել հայկական բոլոր եկեղեցիները, ո՛ւր ալ ըլլան անոնք»:
Յիշեցնենք, որ Աշթըն Մարտ 10ին այցելած էր Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկչեան վանքը: