Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդդիմութիւնը, լրատուամիջոցներն ու գործարար շրջանակը ամբաստանեց 30 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն առաջ «փողոցը ահաբեկելու» յանցանքով:

Մերսինի մէջ բազմութեան մը առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ էրտողան ըսաւ. «Անոնք կը փորձեն արդիւնք ձեռք բերել փողոցը գրգռելու եւ ահաբեկելու ճամբով»:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած էին լայնածաւալ ցոյցեր, որոնց ընթացքին ոստիկանութեան հետ բախումներ արձանագրուած էին:
Չորեքշաբթի գիշեր Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած զանգուածային բողոքի ցոյցի մասնակիցները հրկիզած են Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակարգող կեդրոնը:
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ անցեալ ամրան տեղի ունեցած ցոյցերուն ժամանակ վիրաւորուելով մահաքունի մէջ մտած եւ երեք օր առաջ մահացած 14-ամեայ Պերքին Էլվինի յուղարկաւորութենէն ետք յուղարկաւորութեան մասնակիցները որոշած են ուղղուիլ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակ: Ոստիկանութիւնը փակած է անոնց ճամբան: Օգտագործելով ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ, ոստիկանութիւնը փորձած է խանգարել անոնց երթը: Ոստիկանութեան գործողութիւններէն զայրացած խումբ մը ցուցարարներ հրկիզած են Թաքսիմի մօտ գտնուող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակարգող կեդրոնը, որ մեծ վնաս կրած է:
Չորեքշաբթի գիշեր Թուրքիոյ 32 քաղաքներուն մէջ բողոքի բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցած են‘ կապուած Էլվինի մահուան հետ: Մեծագոյն ցոյցերը տեղի ունեցած են Պոլսոյ, Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ: