Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ հրատարակչական հրապարակին վրայ վերջերս իրերայաջորդ կերպով կը տպուին գիրքեր, որոնք այս կամ այն տեսանկիւնէն կ՛անդրադառնան Հայկական Ցեղասպանութեան։

Նորագոյն երկու գիրքերը կու գան «Փենճերէ» հրատարակչատունէն։ Այս հրատարակչատունը իր հարուստ հրատարակութիւններուն մէջ Հայկական Հարցին կամ հայ հեղինակներու գործերուն եւս տեղ տուած է։ Օրինակ՝ հրատարակած է այժմ քանատաբնակ Յակոբ Խաչիկեանի նշանաւոր «Արեւը Այդ Ամառ Բնաւ Չծագեցաւ» վէպի թրքերէն թարգմանութիւնը։

Երկու նոր գիրքերէն առաջինը Արշալոյս Մարտիկանեանի «Բզկտուած Հայաստան» («Ravished Armenia») գիրքն է, որ կը ներկայացուի «Հայերու Ժան Տ՛Արքը» ենթախորագիրով։ Տիրան Լոքմակէօզեանի թարգմանութեամբ հրատարակուած այս գիրքը ականատեսի վկայութիւններ կը բերէ 1915ի ողբերգութենէն։ 1918ին գրուած այս գիրքին հեղինակը ականատես դարձած է իր մօր եւ հօր մահուան՝ չարչարանքներու տակ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր մայրերու եւ աղջիկներու ստրկութեան, որովհետեւ անոնք չէին ուզած ուրանալ իրենց կրօնքը։
«Փենճերէ» հրատարակչատան երկրորդ գիրքն է Այտա Գույումճեանի «Երկու Գետերու Միջեւ» վէպը, որ կը ներկայացուի որպէս «Հայկական Ցեղասպանութեան Պատմութիւն Մը»:
Այս կերպով թուրք ընթերցողները կ՛իմանան, թէ 1915ի կոտորածներուն մասին միայն պատմաբանները չէ որ անհամար գիրքեր գրի առած են, այլ այս փոթորիկէն վերապրած, բայց իրենց մերձաւորներուն ճակատագիրը տեսած բազմաթիւ անհատներ եւս գրի առած են իրենց անձնական յուշերը։