Եւրոպական Խորհրդարանը իր լիագումար նիստին ընթացքին վաւերացուց եւրոերեսփոխան Եորղոս Խածիմարքաքիսի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը, ըստ որու Եւրոխորհրդարանը պահանջք կը ներկայացնէ Թուրքիոյ բարձրագոյն ատեանին (Yargitay)՝ յետս կոչելու Տրապիզոնի Այիա Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը:
Յաւելեալ, Եւրոխորհրդարանը կը պնդէ անմիջապէս արտօնել Այիա Սոֆիայի որպէս թանգարան գործելու իրաւունքը, հակառակ որ ծանօթ է, թէ ներկայիս տաճարը որպէս մզկիթ կը գործէ Թուրքիոյ մահմետականներուն համար:
Տուեալ բանաձեւը քննարկուեցաւ Եւրոխորհրդարանին մէջ, Թուրքիոյ առաջընթացի մասին ներկայացուած զեկոյցին առիթով եւ փոփոխութիւնը վաւերացուեցաւ վերջին պահուն:
Եւրոերեսփոխան Խածիմարքաքիս գոհունակութիւն յայտնեց, որ «Առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպական խորհրդարանը նման փոփոխութիւն կը վաւերացնէ, այդ ալ վերջին պահուն: Շնորհակալ եմ իմ գործընկերներուս, որ հակառակ զեկոյցը ներկայացնող երեսփոխանի հակառակութեան ու պնդումին, մնացին դժուար այս որոշումին վրայ, գոհացում տալով պոնտոսցի յոյներու ակնկալութիւններուն եւ պահանջքին»:
Տրապիզոնի Այիա Սոֆիա յունական եկեղեցին կառուցուած է 5րդ դարու մէջ եւ նորոգուած է կայսր Մանուէլ Մեծն Գոմնինոսի օրով՝ 13րդ դարուն:
Եկեղեցին նկարազարդուած է բիւզանդական արժէքաւոր սրբանկարներով, խճանկար յատակով եւ իր մակերեսին վրայ կը կրէ վրացական, հայկական եւ սելճուքական քաղաքակրթութիւններու ազդեցութիւններ: