Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Նախիջեւանի ձայնասփիւռի ընկերութիւններուն համար արգելք մը սահմանուած է:

Նախիջեւանի պատկերասփիւռի եւ ռատիօ ձայնասփիւռի հաղորդումներու յանձնախումբը արգիլած է արտասահմանեան երաժշտութեանց հեռարձակումը: Նախիջեւանի մէջ ձայնասփիւռով կարելի պիտի ըլլայ լսել բացառապէս ատրպէյճանական երաժշտութիւն: Արգիլուած են նաեւ այնպիսի երաժշտական ոճեր, ինչպիսիք են՝ ռոքը, ռափը, ներառեալ՝ ատրպէյճաներէնով: Արգիլուած է մինչեւ իսկ թրքական երգերու սփռումը...