Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին կապակցութեամբ հայութեան իրագործելիք միջոցառումներուն դէմ գործողութիւններու կազմակերպումով:

Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ Թուրքիոյ կառավարութեան այս յատուկ մարմինը նամակներ ղրկած է բոլոր նախարարութիւններուն՝ պահանջելով, որ անոնք գործողութիւններու ծրագիր կամ առաջարկներ ներկայացնեն Ցեղասպանութեան մասին «հայկական պնդումներ»ուն դէմ:
Յանձնախումբի ստեղծման նախաձեռնած են Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերու եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները:

«2015-ին Նախօրեակին Պէտք Է Պատրաստ Եւ Զինուած Ըլլանք»

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» մի քանի առիթներով հաղորդած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կեցուածքը, երբ դիմած է արտասահմանի մէջ Թուրքիան ներկայացնող դեսպաններուն, կամ թուրք պաշտօնավարող անձերու, որ միշտ ալ, այլ հարցերու շարքին անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին:
«Մենք բոլորս պէտք է պատրաստ եւ զինուած ըլլանք, այնպէս որ՝ 1915-ի դէպքերուն ցուցաբերուի անկողմնակալ, գիտականօրէն հիմնաւորուած եւ իրատեսական մօտեցում: Հայկական սփիւռքը իր աշխատանքները կը տանի 1915-ի իրադարձութիւնները քաղաքական քարոզարշաւի վերածելու համար՝ կեղծելով պատմական իրողութիւնը: Մենք դէմ պիտի դնենք քաղաքական այս արշաւին՝ առաջ քաշելով պատմական եւ գիտական փաստեր», ըսած է Էրտողան:
Յիշեցնենք, որ յատկապէս Թուրքիոյ դեսպաններուն խօ-սելով Էրտողան անոնց թելադրած էր հիւրընկալող երկիրներուն մէջ «ճշմարտութիւնը ըսել» «դաւադրական» փտածութեան հետաքննութեան մասին, կոչ ուղղելով հետաքննութիւնը ներկայացնել իբրեւ դաւադրութիւն՝ վստա- հութեան արժանի Թուրքիոյ պետութեան դէմ:
Ըստ «Թուտէյզ Զաման»-ի,եւս Էրտողան անդրադարձած է հեռաձայնային գաղթալսումներու հարցին եւ յայտարարած է. «17 դեկտեմբերին սկսած հոլովոյթը դաւադրութիւն է, որ կը ներկայացուի իբրեւ փտածութեան դէմ գործողութիւն: Ատիկա ժողովուրդի կամքը, ժողովրդավարութեան հիմքերը, խաղաղութեան հոլովոյթը եւ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը խարխլելու ուղղուած փորձ է»:
Առանց որեւէ անուն նշելու Էրտողան մեղադրած է «Հիզմեթ» շարժումի ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլենը եւ օտարերկրացի անոր աջակիցները, որոնք կը փորձեն տապալել իր ղեկավարած կառավարութիւնը: Ըստ Էրտողանի, «անօրինական կառոյցը» նաեւ կը փորձէ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ կառավարութիւնը կը համագործակցի ծայրայեղական իսլամական կազմակերպութիւններու հետ: Էրտողանի խօսքով՝ Թուրքիա կը դատապարտէ ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում: