Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ փապուղի փորելով բիւզանդական ժամանակաշրջանէն մնացած շինութեան աւերակներ յայտնաբերած չորս գանձ փնտռողներ ձերբակալուած են:
Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, անոնք 50 թոն ոսկի գտած են, ապա զայն հալեցուցած եւ իւրացուցած են:
Չորս անձերու դրամատնային հաշիւներն ու ունեցուածքը հսկողութեան տակ առնուած են:
Ոստիկանները յայտնաբերած են գանձ փնտռողներու փորած փապուղին, ուր կամարապատ շինութեան մնացորդներ եղած են:
Կ՛ենթադրուի, որ ճիշդ այդտեղէն ալ գտած են պատմական արժէք ներկայացնող գանձերը: Ոստիկանները, սակայն, այնտեղ ոսկիի որեւէ հետք չեն յայտնաբերած:
Հնագէտները կ՛ենթադրեն, որ գանձ փնտռողները գտած են Բիւզանդական կայսրութեան կորսուած գանձերը: Պատմաբանները կը նշեն, որ այդ շրջանին մէջ եղած է Բիւզանդական կայսրութեան ամարանոցը, սակայն անհաւանական կը նկատեն, որ այնտեղ այդքան շատ ոսկի պահուած ըլլայ: