Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ մէջ ընդդիմութեան ղեկավարի՝ CHP-ի նախագահ Քեմալ Քիլիչտարօղլուի բերնէն արտայայտուած այս խօսքերը Թուրքիոյ խորհրդարանի բեմէն, բացայայտ իրականութիւն մը ցոյց տալու իմաստով օգտագործուած են:

Արարատ լեռը, հայութեան իղձերու խորհրդանիշ սարը, շօշափելի ցաւերու եւ իրականութիւններու դարման հանդիսացող պատմական բարձունքը՝ կը վկայակոչուի թուրք ընդդիմադիր ղեկավարին կողմէ, որպէս անարառկելի փաստ, Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը տագնապեցուցած նոր եղելութիւններու լոյսին տակ:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Քեմալ Քիլիչտարօղլու ներկայացուց գաղտնալսուած խնդրայարոյց երիզը, ուր արձանագրուած է վարչապետ Էրտողանի եւ իր որդու՝ Պիլալի հեռախօսային զրոյցը, իրենց ընտանիքի 1 միլիառ «սեւ» գումարը պետական հարկերէն թաքցնելու ուղղութեամբ:
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնը որոշած էր ուղղակի ճակատման հասնիլ վարչապետ Էրտողանի դէմ, չհանդուրժելով նման գայթակղութիւն: Նոյնպէս ժողովուրդը, որ ճամբայ իջաւ «գող Էրտողան» լոզունգները բացագանչելով:
Թայիփ Էրտողանի արարքին համար որեւէ ձեւով պատճառաբանութեան առիթ չթողելու համար՝ Քեմալ Քիլիչտարօղլու այնպիսի զգալի ու անժխտելի իրականութեան մը պէտք ունեցած է դիմելու, որ միայն Արարատ լերան ներկայացնող հաստատ իրականութիւնը կրցած է վկայակոչել:
Աշխարհին եւ մարդոց աչքերուն առջեւ Արարատ լեռը ճշմարտութեան այնպիսի անառարկելի խորհրդանիշ է, որ երկմտութեան որեւէ այլընտրանք չի ձգեր: Աշխարհին եւ մարդկութեան առջեւ նոյնպէս անառարկելիօրէն ծանօթ է հայոց պատմական Արարատ լերան պատկանելիութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ պապենական հողերէն հեռու հալածուած հայ ժողովուրդի պայքարի արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ: