Երկարաշունչ գիտաժողով մը կայացաւ Յունուար 30ին, «Պիլկի» համալսարանին մէջ, որ նուիրուած էր փոքրամասնութիւններու օրինական ինքնութեան հարցին, ինչպէս նաեւ՝ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն եւ այդ իրաւունքներու գործադրութեան:
Համապարփակ այս աշխատաժողովը կազմակերպուած էր փոքրամասնութիւններու ներկայացուցչական գրասենեակին կողմէ՝ մասնակցութեամբ Վենետիկի յանձնախումբին:
Ներկաներուն մէջ կային Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազան, ասորիներու առաջնորդ Եուսուֆ Չեթին, Եուսուֆ Սաղ, ու համայնքային մարմիններու գործիչներ եւ փաստաբաններ:
Միջոցէ մը ի վեր դարձեալ օրակարգի եկած է փոքրամասնութիւններու բարոյական կամ օրինաւոր ինքնութիւնը ճանչնալու հարց մը. բան մը, որուն բացակայութիւնը այսօր դժուարութիւններ կը ստեղծէ փոքրամասնական հաստատութիւններու համար, օրինակ՝ հայոց պատրիարքարանին: Բայց պետութիւնը մինչեւ այսօր մերժած է ճանչնալ այդ բարոյական ինքնութիւնը: Այս գիտաժողովը, այս խնդիրէն աւելի, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց համայնքային հաստատութիւններու ինչքերուն ու կալուածներու հարցին վրայ:
Համագումարը բացուեցաւ «Պիլկի» համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Թուրկութ Թարհանլըի խօսքով: Ան ըսաւ, որ համաժողովին նպատակն է սեղանի վրայ դնել Լոզանի դաշնագրով ճանչցուած փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ 1970-ին վաւերացուած օրէնքին համաձայն, անոնք, որոնք թուրք չեն, օրինաւոր ինքնութիւն չեն կրնար ունենալ. ինքնութիւն տալը անպատեհ կը նկատուէր: Այսօր Թուրքիա տարբեր մակարդակի վրայ է: Հաւաքական կամքը յաղթանակած է, եւ այլեւս մարդիկ իրենց իրաւունքները կրնան պահանջել:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Եւրոմիութեան հարցերու նախարարի տեղակալ Ալաէտտին Պիւյիւքքայա՝ ըսելով, որ իրենք հաշտութեան կողմնակիցներ են, եւ եթէ հոս փոքրամասնութիւնները իրենց կրօնը եւ լեզուն կը պահեն հանգիստ կերպով, ապա ասիկա Թուրքիոյ լայնախոհութիւնը ցոյց կու տայ: «Փոքրամասնութիւնները 2002-էն ի վեր աւելի հանգիստ կ՛ապրին: 2008-էն սկսեալ վագըֆները 2.5 միլիառ եւրօ արժողութեամբ կալուած ետ ստացած են: Ատկէ բացի, վագըֆներուն համար ճանչցուեցաւ օրինաւոր ինքնութիւն», ըսաւ ան: Զանազան օրինակներու կարգին, ան յիշեց Աղթամարի եկեղեցւոյ նորոգութիւնը: Բայց ան շփոթեց, երբ Տիգրանակերտի եկեղեցին ալ դասեց միւս լքուած եկեղեցիներու կարգին. բան մը, որուն մասին աւելի ուշ առարկութիւն ունեցաւ Արամ սրբազանը՝ դիտել տալով, որ Ս. Կիրակոսը արդէն գործող եկեղեցի է եւ միւսներուն կարգին չի դասուիր: Ատենախօսը յիշեցուց նաեւ, որ թուրքերը Յունաստանի մէջ մզկիթ մը չունին: Այս բոլորին համար պէտք է իրարու օժանդակ դառնանք:
Ապա խօսք առաւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որ կազմակերպիչներէն մէկն էր: Ան յիշեցուց, որ ասիկա իր տեսակին մէջ երկրորդ համագումարն էր, եւ որ հոս՝ «բոլորս միատեղ պիտի պաշտպանենք ապրելու եւ ազատութիւնները վայելելու մեր իրաւունքները»:
Բոլոր խօսողները անդրադարձան ո՛չ միայն օրինաւոր ինքնութեան մասին, այլ նաեւ՝ փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մասին: Սխալ է գործածել լայնախոհութիւն բառը, այլ պէտք է գործածուի յարգանք բառը, ըսին անոնք, ներկայացնելով նաեւ իրենց պահանջները։