Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումը:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլաեւ «անհեթեթ» որակած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ նման որոշում մը վաւերացուցած Հայլենտ քաղաքի քայլերը՝ պնդելով, թէ անոնք անարժէք են, որովհետեւ այս կապակցութեամբ՝ «Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութեան կեցուածքը յստակ է. Միացեալ Նահանգները չի ճանչնար «Լեռնային Ղարաբաղ» կոչուող հանրապետութեան անկախութիւնը ու նեցուկ կը կանգնի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան», ըսած է ան ու յայտնած է թէ բողոքագիր պիտի յանձնուի Լոս Անճելըսին: