Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու իր հրաժեշտի ելոյթին ընթացքին յիշեցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան օրէնքը անվաւեր նկատելու հարցը եւ շնորհաւորած՝ իր երկրին «յաղթանակը» այդ առիթով։
«Երբեք պիտի չմոռնամ միասնաբար մեր տարած պայքարը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք այս պայքարին մէջ մեզի օժանդակեցին», ըսած է թուրք դեսպանը աւելցնելով. «Ֆրանսայի հետ մեր յարաբերութիւնները գործնականին մէջ մինչեւ 2012ի սկիզբը անգոյ էին։ Ես նոյնիսկ գրասեղանիս դարակին մէջ պահած եմ դիւանագիտական ծանօթագրութիւն մը, ըստ որու երկու երկիրներու միջեւ փոխանակումները պիտի դադրեցուէին՝ եթէ այդ օրէնքը ընդունուէր։ Ես այդ գրութիւնը իբրեւ յիշատակ հետս պիտի տանիմ եւ կրնամ նոյնիսկ զայն շրջանակի մը մէջ դնելով պատէն կախել»։ Դեսպանը ըսած է թէ Սահմանադրական Խորհուրդին որոշումը դիւանագիտական կարեւոր յաջողութիւն մըն էր։
* * *
ՖԱՊԻԻՒՍ ԿԸ ԴՐՈՒԱՏԷ
ԹՈՒՐՔ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ
Դեսպանը նաեւ կարդացած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լօռան Ֆապիիւսի այս առթիւ իրեն ղրկած պատգամը. «Դուք կրնաք հպարտ ըլլալ ձեր բոլոր իրագործումներուն համար»։ Հոս կը յառաջանայ այն հարցումը, թէ ինչի՞ համար հպարտ պէտք է ըլլալ…։