Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Եւրոպական Միութեան նիւթական աջակցութեամբ Թուրքիան երկու հարեւաններու՝ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին կը բանայ նոր սահմանային անցակէտեր:

Նոյն պահուն կը շարունակուին նաեւ սահմանամերձ տարածքները ականազերծելու աշխատանքները:
Tert.am-ը կը հաղորդէ թէ նոր սահմանային անցակէտերու կառուցման համար կը նախատեսուի ծախսել 52 միլիոն եւրօ: Այդ նախագիծին զուգահեռ՝ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին կը տարուին արդիականացման աշխատանքներ:
Թրքական թերթերը կը հաղորդեն, թէ Թուրքիա ականազերծումի աշխատանքներ պիտի իրականացնէ Իրանի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ եւ հսկողութիւն իրականացնելու նպատակով՝ նոր սարքաւորումներ պիտի զետեղէ սահմանագիծի երկայնքին։
Այս ծրագիրը կ՛իրականանայ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ։ Կը նշուի, որ առաջին փուլին պիտի ականազերծուի մօտաւորապէս 11,665,000 քառակուսի մեթր տարածք։
Յիշեալ ծրագիրին ծախսը 52.5 միլիոն եւրօ է, որուն 75 տոկոսը պիտի տրամադրէ Եւրոմիութիւնը, իսկ 25 տոկոսը՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ 2009-ին Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք անոնք չվաւերացուեցան: Պաքուի ճնշման տակ Անգարան այդ Արձանագրութիւնները չվաւերացուց, եւ այդ փաստաթուղթին հետ որեւէ կապ չունեցող Ղարաբաղի հարցը փոխկապակցեց, իսկ փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած դրոյթները կեանքի չկոչուեցան:
Սակայն վերջերս երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ դարձեալ որոշ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով մեկնեցաւ Երեւան՝ մասնակցելու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին. ատիկա այդ փոփոխութիւններէն օրինակ մըն էր:
Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կարճ ժամանակ առաջ Գերմանիա կատարած այցին ընթացքին հանդիպած էր վարչապետ Անկելա Մերգելի հետ, որ անգամ մը եւս կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ՝ բանալու Հայաստանի հետ սահմանը:
Նմանատիպ յայտարարութիւններ ու կոչեր հնչեցուցած են նաեւ ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան եւ շարք մը արեւմտեան երկիրներ:
Երկու տարուան ընդմիջումէ ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումէն ու Լեռնային Ղարաբաղի հակա- մարտութեան լուծման ուղղուած քայլերէն Թուրքիան գոհ է, եւ ատիկա պատահականութիւն չէ, գրած է աղբիւրը:
Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին տեղի ունեցող արդիականացման աշխատանքներն ու սահմանամերձ շրջաններու ականազերծումը ցոյց կու տան, որ Անգարան կը պատրաստուի դրական սենարին եւ Հայաստանի դէմ կիրառուած տնտեսական արգելքի վերացման: