Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Թուրքիոյ արեւելեան սահմանին Հայաստանի կողմէ Ախուրեան գետի ափին, ժամանակի հզօրագոյն մայրաքաղաք Անին, որ նշանաւոր է իբրեւ «հազարումէկ եէեղեցիներու քաղաք», ներկայիս աւերակ է»: «Տի Աթլանթիք» ամսաթերթը այսպէս կը սկսի յօդուածը՝ հայոց հնագոյն մայրաքաղաք Անիի մասին:

«Անին հիմնադրուած է աւելի քան 1600 տարի առաջ, շարք մը առեւտրական ճամբաներու հանդիպման վայր ըլլալով, ու դարձած է աւելի քան 100 հազար բնակիչ ունեցող քաղաք-ամրոց: Հետագայ դարերուն Անին, շրջակայ տարածքներուն հետ, բազմիցս գրաւուած է բիւզանդական կայսրերու, օսմանեան թուրքերու, քոչուոր քիւրտերու, վրացիներու կողմէ: 1300-ականներուն, քաղաքը մեծ անկում ապրած է, իսկ 1700-ականներուն՝ ամբողջովին լքուած է: Աւելի ուշ, 19-րդ դարուն, Անիի աւերակները վերածուած են լքեալ տարածքի մը, յատկապէս Ա. Համաշխարհային պատերազմին եւ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած դէպքերէն ետք, անիկա դարձած է ռազմականացած հողատարածք:
Քաղաքի աւերակները այնուհետեւ ինկած են բազմաթիւ կողոպտիչներու, վանտալներու, ինչպէս նաեւ թուրքերու ձեռքը, որոնք կը փորձէին այդ տարածքէն բնաջնջել հայոց պատմութեան մասին յիշեցնող որեւէ բան», կը գրէ յօդուածը:


«Հայ Նիուզ»