Թուրքիոյ մէջ հայոց գանձերու որոնման մարզը այնքան զարգացած է, որ սկսած են Youtube-ի միջոցով գանձագողութեան դասեր տալ սկսնակներուն...:
Թրքական «Թարաֆ» թերթը, որ հրապարակած է լուրը, կը գրէ, թէ գանձագողութեան այս յատուկ ուղեցոյց-տեսահոլովակներու դիտողներուն թիւը գերազանցած է 10 հազարը:
Անոնցմէ մէկուն մէջ, որ խորագրուած է «Հայուն տունը գաղտնի գանձարան է», հեղինակը կը պատմէ, թէ մինչեւ Ցեղասպանութիւնը Հայերը իրենց թանկարժէք իրերը եւ զարդերը կը պահէին տան յատուկ պահոցներու մէջ կամ պարտէզներուն մէջ: “Հայոց գանձերը գտնելու համար երբեք մի ապաւինիք քարտէսներու կամ նշաններու: Հայերը երբեք զանոնք քարտէսներու մէջ չեն նշած, ոչ ալ նշան- ներ դրած են: Հայոց գանձերը փնտռեցէք տուներուն եւ պարտէզներուն մէջ” կ’ըսէ «վաստակաշատ հեղինակը»: