Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ զինադադարի խախտման պատճառով ատրպէյճանցի քափիթեն մը սպաննուած է:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Թերթերի շըրջանին մէջ՝ սահմանագիծի այն հատուածին մէջ, ուր ատրպէյճանական ներթափանցման անյաջող գործողութիւն մը իրականացուած էր օրեր առաջ:

Թէեւ ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ կատարուածը ներկայացնել իբրեւ զինադադարի դրութեան խախտման հետեւանք, սակայն ակընյայտ է, որ քափիթենը անյաջող գործողութեան երրորդ զոհն է։