Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են:
Հասանով նաեւ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանսայի զինուորական ղեկավարութեան եւ զինուորական արտադրութիւն կատարող ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Ֆրանսայի Նախագահը Պիտի Այցելէ Ատրպէյճան
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ այս տարի պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Ատրպէյճան:
Ատրպէյճանի նախագահին հրաւէրով՝ եր-կիրը Մայիսին այցելելու մտադրութեան մասին Հոլլանտ յայտնած է Էլիզէ պալատին մէջ Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Էլչին Ամիրպեքովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք:
Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Հոլլանտ պիտի այցելէ Հայաստան: