Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի զեկուցումին մէջ նշուած է, որ աշխարհի մէջ բանտարկուած լրագրողներու թիւով առաջինը Թուրքիան է:

Թրքական «Զաման» օրաթերթին համաձայն, Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն 2013-ին անուանած է լրագրողներու համար ամէնէն վատ երկրորդ տարին:
Զեկուցումին մէջ նշուած է, թէ աշխարհի մէջ բանտարկուած լրագրողներուն թիւով յառաջատարը Թուրքիան կը մնայ՝ ուր կայ 40 բանտարկուած լրագրող։ Թուրքիոյ կը յաջորդէ Իրանը՝ 35 լրագրող, եւ Չինաստանը՝ 32 լրագրող:
Կը նշուի, որ աշխարհի մէջ ամէնէն շատ բանտարկուած լրագրողները կը գտնուին նաեւ Վիեթնամի, Եթովպիոյ, Ատրպէյճանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Ուզպեքիստանի մէջ: