Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Յունուար 19, 2007ին սպաննուած Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչուեցաւ Պոլսոյ մէջ, Թաքսիմի հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր ցուցարարներու մասնակցութեամբ։ Անոնք պահանջեցին Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով արդար դատավարութեան պայմաններ։

Ցուցարարները լոզունգներ բացագանչեցին՝ «Մարդասպան պետութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան կանչուի», «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս հայ ենք» կարգախօսներով։
Համախմբուածներու ցոյցը կը հսկուէր ոստիկանութեան ջոկատներու կողմէ։

Հաւաք Մալաթիայի մէջ
Հրանդ Տինքի ծննդավայր Մալաթիայի մէջ եւս հաւաք տեղի ունեցաւ, ինչպէս կը հաղորդէ թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը։ Ցուցարարները յառաջացած են մինչեւ Չաւուշօղլուի թաղամաս՝ ուր ծնած էր Հրանդ Տինքը։