Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հատուցման գումարը ապագային ճշդելու իրաւունքը ինքզինքին վերապահելով՝ Մարդկային Իրաւանց Դատարանը վճիռ արձակեց, ճանչնալով հելլէնուհիի մը ժառանգական իրաւունքը Թուրքիոյ մէջ:

Դատական այս պայքարը հինէն կուգայ: 1924ին ծնած Մարիա Եանոփուլու, որ մահացած էր Մարտ 2009ին, Թուրքիոյ մէջ իր մօր կողմէ ժառանգութեան որպէս սեփականատէր դատական դիմում ներկայացուցած էր Թուրքիոյ դէմ, որ կը մերժէր ճանչնալ իր իրաւունքները: Մարիա Եանոփուլուի մահէն ետք, ժառանգական իրաւունքը փոխանցուեցաւ պրն. Կիրոփուլոսին, որ դատական գործընթացը շարունակեց՝ Մարդկային Իրաւանց դատարան հասցնելով:
Երկար տարիներու դատական պայքարէ ետք, որ սկսաւ Թուրքիոյ մէջ 1982ին եւ յանգեցաւ Թուրքիոյ վճռաբեկ բարձրագոյն ատեանի 2001ի որոշումին, որ կը մերժէր մօր կողմէ Եանոփուլուի ժառանգական իրաւունքը, այսօր իր վերջնական հանգրուանին կը հասնի դատական գործը: Մարդկային Իրաւանց դատարանի վճիռը նոյնիսկ յետ մահու կը հաստատէ, թէ Թուրքիա խախտած էր սեփականութեան հիմնարար մարդկային իրաւունքը, ժխտելով Եանոփուլուի արդար իրաւունքը։ Դատարանի վճիռը արդարութեան հաստատումը կը պահանջէ։