Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական «Hurriyet Daily News»-ը ներկայացուցած է ձիւնով ծածկուած Անիի լուսանըկարներու շարք՝ մը «Հին հայկական Անի քաղաքը ձիւնէ ծածկոցի տակ» վերնագիրով: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

Լուսանկարներուն կից նշուած է, որ Անին «Միջնադարեան հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաքն է», որ գտնուած է ժամանակակից Հայստանի եւ Արեւելեան Թուրքիոյ տարածքներու մեծ մասին վրայ:
«Անին արեւելեան կողմէն պաշտպանուած է կիրժով, որ կը ձեւաւորէ Ախուրեան գետը, արեւմտեան կողմէն՝ Պոսդանլար կամ Ծաղկոտաձոր հովիտով: Ախուրեանը Արաքսի վտակն է եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ սահմանի մէկ մասը»,- նշուած է լուսանկարներուն կից տրուած տեղեկութիւններու հարուստ բաժնին մէջ: