Իզմիրի մէջ բանտարկուած Սեւան Նշանեան, որ արդէն մօտ տաս օր լրացուցած է բանտին մէջ կը գրէ. «Գիրքերու անձրեւ տեղաց: Երեք օրուայ մէջ ես ստացայ աւելի քան 400 հատ գիրք:
Հրատարակիչ Նեսին Ազիզ Նեսին գիրքերու մեծ քանակութիւն մը ղրկեց: Աֆիոն Գարահիսարէն ուրիշ բարեկամ մը, մէկ այլ հաւաքածոյ ղրկեց: Բրիտանական դեսպանութեան մօտ աշխատող տիկին մը ինձ ուղարկեց բոլոր այն գիրքերը, որ շարուած կը տեսնէք այդ գրադարանին մէջ: Իզմիրի համալսարանի մը ուսանողները գրքահաւաքի արշաւի մը ձեռնարկեցին: Մենք արդէն սկսած էինք մտահոգուիլ թէ ո՞ւր պէտք է պահել բոլոր այս գիրքերը: Հեռաձայնէն զանգելով մեր ընկերներուն սկսանք խնդրել որ մեզի գրադարաններ, գրասեղաններ, աթոռներ ղրկեն, որպէսզի նախնական ընթերցարան մը կազմենք: Այսօր բանտի ղեկավարութեան մօտ զիս կանչեցին: Ինծի ըսին, որ արգիլուած են նման նախաձեռնութիւններ: Տնօրէնը անհանգիստ է: Ան կÿըսէ թէ պետութիւնը մեզի կը տրամադրէ ինչ որ անհրաժեշտ է: Եւ մենք իրաւունք չունինք հոս մեր անձնական «գրախանութը» բանալու: Մեզի ազդարարեցին թէ գիրքերը ետ պիտի վերադարձուին: Ափսո՜ս, որովհետեւ շատ լաւ գիրքեր կան հոս» կը գրէ Սեւան Նշանեանը: