Թրքական հանրային կարծիքը կը սպասէր որ իր պաշտօնէն հրաժարէր նաեւ Եւրոպական Միութեան նախարար Էկէմէն Պաղըշ, որ հայոց ալ ծանօթ դէմք մըն է բազմիցս իր ունեցած ժխտողական արտայայտութիւններով:
Մինչ բոլոր ուշադրութիւնները կեդրոնացած էին իր վրայ եւ կ'ըսուէր, որ նախագահ Կիւլ ալ պահանջած էր, որ հրաժարի, Պաղըշ ոչ միայն մերժած է, յաւելեալ՝ շատ խիստ ելոյթներ ալ ունեցած է, ըսելով թէ ինք քննադատելի ոչինչ ունի:
Երբ ան այսպէս յամառած է չհրաժարիլ, պաշտօնազուրկ եղած է եւ Եւրոպական Միութեան նախարարի իր պաշտօնն ալ յանձնուած է ուրիշին:
Եւրոպական շրջանակներ անմիջապէս մեկնաբանաթիւններ կատարած են ու պնդած, որ Էկէմէն Պաղըշի հեռացումը նպաստաւոր պիտի ըլլայ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, որովհետեւ ան վերջերս հեգնական ու վիրաւորական արտայայտութիւններ կþունենար Եւրոպական Միութեան հասցէին եւ դժուարացուցած էր բանակցութեանց ընթացքը: Անոր տեղ կոչուած անձը վարչապետ Էրտողանի անմիջական շրջապատէն մէկն է: