Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Էրտողանի Որդին Փախած է Պաքու

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան այս օրերուն անկասկած կ՛ապրի իր պաշտօնավարութեան երկար ու փոթորկոտ տարիներու ամէնէն տագնապալից օրերը։ Ան այսքան դժուար կացութեան առջեւ չէր գտնուած

իր իշխանութեան 11 տարիներուն ընթացքին եւ այժմ կը խօսուի, թէ նոյնիսկ անոր զաւակը կը հետապնդուի զեղծարարութեանց հարցով բացուած հետաքննութեան ծիրէն ներս:
Էրտողանի կառավարութեան բազմաթիւ նախարարներ մնացած են իրենց ձեռքով կամ իրենց զաւակներուն ձեռքով կատարուած ապօրինութիւններու եւ կաշառակերութիւններու ծանր ամբաստանութիւններուն տակ։
Երկրին մէջ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կը պնդեն, թէ հիմա պէտք է հրաժարի վարչապետը, այլ ո՛չ թէ միայն նախարարներ։ Մինչ շատեր կ՛ակնկալէին, թէ վարչապետը պիտի լուծէ կառավարութիւնը եւ կազմէ նոր դահլիճ, Էրտողան կառավարութիւնը չլուծեց, այլ որոշեց 22 նախարարներուն մէջէն 12ը պահել ու մնացեալ տասը նախարարները փոխել: Շատ ալ յայտնի չէ, թէ Էրտողան ինչպէ՞ս ընտրեց պաշտօնազուրկ հռչակուած նախարարները, բայց անոնց մէջ կան իրենց անուններով կամ իրենց զաւակներուն անունով ամբաստանուողները։
Վարչապետ Էրտողանի կողմէ կազմուած նոր դահլիճը ներքին ու արտաքին շրջանակներու կողմէ նկատուեցաւ պայքարի կառավարութիւն։
Էրտողանի Որդին Փախած է Պաքու

 

Հետաքննութենէն խուսափելու նպատակով, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Էրտողանի տղան՝ Պիլալ Էրտողան, փախած է Պաքու: Այս մասին կը յայտնէ Aysor-ը, վկայակոչելով ատրպէյճանական «Haqqin.az»  լրատուական կայքէջի հաղորդած լուրերը:Վերջինիս թաքնուելու նաեւ այլ վայրեր կը նշուին, սակայն յստակ տեղեկատուութիւն այդ մասին չի հաղորդուիր: