ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱԾ ԱԿԱՆԱՏԵՍԸ ԿԸ ԴԱՏՈՒԻ
Թրքական «Ռատիքալ» թերթը կը գրէ, թէ հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչըի զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպանութեան դատավարութեան վկաներէն Հալիլ Էքշի, որ սկիզբը այլ վկայութիւն տուած էր, ապա՝ փոխած զայն, կը դատուի կեղծ վկայութիւն տալու մեղադրանքով։
Նախկին զինուոր Էքշի դատական նիստի ընթացքին նշած է, որ վկայութիւնը փոխած էր սպանութեան կասկածեալ Քըվանչ Աղաօղլուի հարազատներէն Պիւլէնթ Քայայի ճնշումին ազդեցութեան տակ։ Արդարեւ, իրեն ըսած են, թէ իր վկայութեան մէջ «վտանգաւոր տեղեր» կան, որոնք իրենց ձեռնտու չեն եւ իրեն «թելադրած» են, որ փոխէ իր վկայութիւնը:
Դէպքերը վերյiշելու համար, նշենք թէ Սեւակ Պալըքչը սպաննուած էր 2011 Ապրիլ 24ին Պաթմանի մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին, իր զինուոր ընկերոջ՝ Քըվանչ Աղաօղլուի փամփուշտով։
Առաջին առթիւ, վկայ Հալիլ Էքշի ըսած էր. “Քըվանչը զէնքը իջեցուց ուսէն, լեցուց եւ ուղղեց Սեւակին։ Զէնքը ուղղելն ու կրակելը մէկ եղաւ”։ Զօրացրուելէ ետք Հ. Էքշի դիմած էր դատարան եւ ետ քաշած վկայութիւնը ու նոր վկայութիւն տուած, այս անգամ նշելով, որ չէ տեսած, թէ ինչպէս փամփուշտը արձակուած է զէնքէն։
Անոր այս քայլէն ետք, իրեն դէմ կեղծ վկայութիւն տալու մեղադրանք յարուցուած էր։
Էքշի որպէս արդարացում պնդած է, որ վկայութիւնը փոխելու հարցին մէջ իր վրայ ճնշում բանեցուած է: Ան պատմած է. “Ծառայութիւնը աւարտելէ ետք Պիւլէնթ Քայա անընդհատ կը հեռաձայնէր ինծի եւ կ’ուզէր, որ փոխեմ վկայութիւնս։ Աւելի ուշ, այդ անձը եկաւ եւ հեռաձայնով մէկուն հետ խօսելէ ետք թուղթի մը վրայ գրեց իմ վկայութիւնը։ Ճնշումին չդիմանալով՝ փոխեցի վկայութիւնս”։
Ի դէպ, Պիւլէնթ Քայա ալ հերքած է այս պնդումները։