Էրտողան Կը Խօսի Իր Կառավարութեան Դէմ
«Աղտոտ Գործողութեան» մասին
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, Թուրքիան ցնցուեցաւ մօտաւորապէս 50 աղմկայարոյց ձերբակալութիւններով, որոնք տակնուվրայ ըրին երկրի սակարանը:
Երեք հանգրուաններով տեղի ունեցած ձերբակալութիւններուն ընթացքին հսկողութեան տակ առնուածները կը մեղադրուին «դրամ մաքրագործելու», զեղծարարութիւններ իրականացնելու, պաշտօնի չարաշահում կատարելու, կաշառակերութեան ու ոսկիի մեծաքանակ մաքսանենգութեան յանցանքներով։ Հսկողութեան տակ առնուած են պետական պաշտօնեաներ, յայտնի գործարարներ ու ներքին գործոց, բնապահպանութեան եւ տնտեսութեան նախարարներուն զաւակները, ինչպէս նաեւ «Հալքպանք» պետական դրամատան նախագահ Սիւլէյման Ասլանը։
Հետաքրքրական է, որ երեք դատախազներ, որոնց հսկողութեան ներքեւ կը կատարուէին այս հարցին հետապնդումները, գաղտնօրէն գործակցած էին՝ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազի գլխաւորութեամբ: Նոյնիսկ արդարադատութեան նախարարը լուր չունէր այս հետապնդումէն։
Վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան խստօրէն քննադատեց ձերբակալութեանց արշաւը՝ զայն իր կառավարութեան դէմ դաւադրութիւն մը եւ «աղտոտ գործողութիւն» որակելով: