Մեծ տպաւորութիւն ստեղծած է թրքական մամուլին մէջ, Ահմետ Տաւութօղլուի երկու յաջորդական օրերու մէջ Երեւանի եւ Աթէնքի ցոյցերու կազմակերպումը:
Ինչպէս կը հաղորդէ թրքական beyazgundem.com կայքէջը, Աթէնքի մէջ Տաւութօղլու առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Գիւքչեատացիներու միութեան (Իմվրոս կղզիի թրքական անուանումը) կեդրոնատեղին:
Ինչպէս կը նշէ կայքէջը՝ «այդ ընթացքին, հայկական Եռագոյն դրօշակներով, աւելի քան 50 հայեր պաստառներ պարզած էին միութեան շէնքին առջեւ: Հայերը սուլած են Տաւութօղլուի թէ ժամանման թէ մեկնումի պահերուն: Հանդիպման աւարտէն յետոյ, միութեան շէնքէն դուրս գալու ժամանակ, Տաւութօղլուին ուղեկցած են մեծ թիւվ անվտանգութեան աշխատակիցներ»:
Թրքական կայքէջը կը յայտնէ թէ Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկին առջեւ ալ ցոյց տեղի ունեցած էր նախորդ օր, երբ ցուցարարներէն խուսափելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նախընտրած էր օգտագործել հիւրանոցի ետեւի դուռը:
Տաւութօղլու Խորհրդարանին Մէջ Պատասխանած Է
Հայաստան Այցելութենէն Ետք Իր Հասցէին
Հնչող Մեղադրանքներուն
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցին մէջ իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն:
Պատասխանելով զինք քննադատող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխան Թուղրուլ Թիւրքեշի այն յայտարարութեան, թէ «Երեւանի մէջ չկրցաւ պանդոկի մուտքի դռնէն մտնել», Տաւութօղլու պատասխանած է. «Աստուած հոգին լուսաւորէ, ձեր ղեկավարը (կուսակցութեան հիմնադիր Ալփասլան Թիւրքեշ) հայ-ատրպէյճանական տագնապին ընթացքին, երբ մեր ատրպէյճանցի եղբայրները Հայաստանի դէմ կը մարտնչէին, Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ Տէր Պետրոսեանի հետ: Եթէ ատիկա յանցանք է, իսկ ես այդպէս չեմ կարծեր, ուրեմն Հայաստանի հետ մեր հանդիպումն ալ սխալ չէր: Հայերու հետ համատեղ «արդար յիշողութեան» ծիրին մէջ հանդիպիլը սխալ չէ, այլ անհրաժեշտ քայլ: Հայաստան երթալը մեղք չէ: Ով ինչ կ՛ուզէ, թող ըսէ, մենք որեւէ ազգի վերէն չենք նայիր»:
Ըստ Թուրք Երեսփոխանի Մը.
Էրտողանի Կուսակցութիւնը
Կը Պատրաստուի Ճանչնալու
Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն Տիգրանակերտէն ընտրուած երեսփոխան Օքթայ Վուրալ քննադատած է վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ յայտնլով, որ Թուրքիա մտադիր է 200 հազար հայեր ընդունիլ եւ անոնց հող տրամադրել:
Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը մտադիր է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Երեսփոխանը նաեւ քննադատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն՝ Հայաստան կատարած այցելութեան պատճառով:
«Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու փոխարէն՝ նախարարը դաւաճանած է թուրք ժողովուրդի պատմութեան: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը պատրաստուի ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կը կարծեմ, որ կուսակցութիւնը մտադիր է 200 հազար հայեր բերել եւ անոնց հող տրամադրել», ըսած է ան: